2015-04-29 09:19:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը Հռոմի Քարիթասին


Երեքշաբթի, 28 ապրիլի երեկոյեան, Հռոմ՝ Պրանքաչչօ թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է “Եթէ դուն չ՝ըլլայիր” խորագրուած թատերախաղին ներկայացումը։ Նիւթն է՝ սէրը, իսկ գործող անձերը՝ Հռոմի Քարիթասի հիւրերը։

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղած է կազմակերպողներուն եւ Հռոմի Քարիթասին։

Իր խօսքին Սրբազան պապը ըսած է՝ “Զիս տեղեակ պահեցին, որ այսօր դուք՝ հիւրեր Հռոմի Եկեղեցւոյ Քարիթասի օթեւանութեան կենդրոններուն՝ կը ներկայացնէք “Եթէ” դուն չ՝ըլլայիր խորագրով թատերախաղը, որ կը պատմէ լքումի եւ գաղթականութեան իսկական եւ դժուարին փորձառութիւններ։ Այս ձեր թատերական նախաձեռնութիւնը կը պատմէ զաւակներու, ծնողներու, կեանքի եւ Աստուծոյ հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյ մասին։

Դուք այս երեկոյ բեմէն կը փոխանցէք սիրոյ, կարիքաւոր անհատի եւ զօրակցութեան մասին արժէքաւոր ուսուցումներ։

Աղքատութիւնը Յիսուս տուաւ մեզի իբր կարեւոր ուսուցում՝ երբ Յորդանան գետի ջուրերուն մէջ իջաւ՝ մկրտուելու համար Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռքով։ Յիսուս ապաշխարութեան կամ դարձի գալու կարիքը չունէր. ան կատարեց այդ արարքը՝ ինքզինք ներկայացնելու համար ժողովուրդին, որ ներումի կարիքն ունի. ան ուզեց կրել մեր մեղքերու բեռը։ Այս է ճանապարհը, զոր ընտրեց Յիսուս՝ մեր հետ հաշտուելու, մեզ փրկելու, մեզ մեր թշուառ վիճակէն ազատելու համար։ Այն ինչ որ մեզի կը շնորհէ Ան՝ ճշմարիտ ազատութիւնն  է, ճշմարիտ փրկութիւնը, ճշմարիտ երջանկութիւնը, իր սէրը եւ կարեկցութիւնն է, գուրգուրանքն է եւ բաժնեկցութիւնը։

Սուրբ Գիրգոր Նիւսացի կը գրէ՝ “Ուշադրութեամբ նկատեցէք՝ թէ ովքեր են աղքատները Աւետարանին մէջ՝ եւ պիտի տեսնէք անոնց արժանապատուութիւնը. անոնք Տիրոջ դիմագիծն առած են։ Իր ողորմութեամբ՝ Տէրը անոնց տուած է իր դիմագիծը։”

Իսկ Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէր՝ “Երկրի վրայ Քրիստոս կը ներկայանայ իբր կարօտեալ՝ Իր աղքատներուն անձին մէջ։ Պէտք է ուրեմն երկնչիլ երկինք բնակող Քրիստոսէ եւ ճանչնալ զինք երկրի վրայ. երկրի վրայ՝ ան աղքատ է, երկնքի մէջ՝ հարուստ։ Ան բարձրացած է երկինք իր հարստութեամբ՝ եւ սակայն դեռ կը մնայ այստեղ՝ տառապող աղքատի կերպարանքին մէջ։”

Դուք մեզի համար բեռ չէք. դուք այն հարստութիւնն էք՝ առանց որուն՝ Տիրոջ դիմագիծը գտնելու մեր ճիգերը ունայն են։

Իմ ընտրութենէս քիչ օրեր ետք, ձեզմէ ստացայ շնորհաւորական նամակ մը։ Կը յիշեմ, որ պատասխանեցի՝ թէ ձեր տրամադրութեան տակ եմ։ Կ’երկրորդեմ այդ խօսքերը։ Այդ ժամանակ խնդրած էի ձեզմէ որ աղօթէք ինծի համար։ Այսու կը կրկնեմ խնդրանքս։”

Սրբազան Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց թատերախաղը ներկայացնողներուն եւ Քարիթասի գործակիցներուն։ Ան յիշեց Հռոմ քաղաքի մէջ գործած շատ մը անհատներու եւ սուրբերու անուններ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած էին աղքատներու, նուաստներու եւ լքուածներու. վերջապէս ան յիշեց Հռոմի Քարիթասի հիմնադիր՝ Տոն Լուիճի Լիեկրոն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.