2015-04-29 09:35:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Մարդուն շփոթութիւն պատճառող երեւոյթներէն են՝

ա- Գիտութեան պակասը, անվստահութիւնը, տեղեկութիւններու տարբերութիւնները, մեկնաբանութեանց երկուութիւնները, քմահաճ մօտեցումները եւ այլ ազդակներ, որոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդ շփոթի մատնուի  որուն  «տիղմին» մէջ մխրճուելու սովորութիւն ունեցող մարդը շուտով կը կորսնցնէ շրջապատին հանդէպ վստահութիւնը, որովհետեւ իր շփոթութիւնը տեսնելով, շատ օգտուողներ պիտի ըլլան այդ կացութենէն: Ուստի, իրեն համար ամէնէն վստահելի անձը անգամ հարցականի տակ կը մտնէ, եւ անոր որեւէ խոստումին հաւատք չ՛ընծայեր ան:
Ծանօթի եւ անծանօթի, ընկերոջ եւ թշնամիի, անվնասի եւ վնասակարի զգացողութիւնը կորսնցուցած մարդու մը համար շատ դժուար կ՛ըլլայ դարձեալ բարեկամութիւններ հաստատելը:

Ինչպէս ժողովրդային խօսակցական լեզուի մէջ կը գործածուի՝ «Լեզուն այրած մարդը մածունը փչելով կ՛ուտէ»: Ճիշդ նոյնը կը պատահի այս մարդոց, որոնք այլեւս «փորձառութիւն» շահած ըլլալով, ներամփոփ, զգուշաւոր ու պահպանողական դիրքերու վրայ կը մնան ընդհանրապէս:
Կայ  նաեւ ինքնաշփոթութեան մատնուած անձի մը  իրավիճակը, այսինքն, մարդ իր կողմէ թոյլ տրուած սեփական յանցանքին բերումով շփոթահար կը դառնայ:

Ընդհանրապէս այնպէս կը թուի, թէ ուրիշներ անպայման մեզ կը շփոթեցնեն: Ուրիշ խօսքով, շփոթը միշտ ուրիշներէ կը պատճառուի մեզի:

Օրինակ, որեւէ հարցի մօտենալէ առաջ, նախապատրաստական աշխատանքի մէջ սեփական թերութիւնը ինքնին պատճառ կը դառնայ, որ մարդ չկարենայ կողմնորոշուիլ վերջին վայրկեանին: Ուրեմն, պէտք է նախապատրաստուիլ, յատկապէս որոշ խնդիրներու համար, ու չսպասել մինչեւ վերջին վայրկեանը, երբ արդէն կատարուած իրողութեան դիմաց կը գտնուինք, եւ կամ ժամանակը չի՛ բաւեր այլեւս լայն քննարկումներ կատարելու եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնելու: Արդարեւ՝ մարդկային փորձառութիւնը ինչքա՛ն ալ հարուստ ըլլայ, կամ մարդու տրամաբանելու կարողութիւնը որքա՛ն ալ հզօր ըլլայ, դարձեալ դժուար պիտի ըլլայ յանկարծական որոշում առնել այս կամ այն ներքին հարցին նկատմամբ:
Արագ ընթացքով գործելն ալ շատ սխալներու դուռ կը բանայ մարդուն. իր կամքէն անկախաբար: Հիները կ՛ըսէին. «Աճապարանօք գործին սատանան միջամուխ կ՛ըլլայ»:

Ինքնավստահութեան պակասի հետեւանքով յայտնուող նախանձի երեւոյթը ցարդ մեծ աւերներ գործած է մարդկային կեանքին մէջ, նոյնիսկ անոր սկզբնաւորութեան օրէն, այս մոլորակին վրայ: Մարդկային գզվռտոցը դեռ չէ՛ դադրած, ո՛չ միջազգային, ո՛չ ազգային, ո՛չ ընկերային, ո՛չ ընտանեկան մակարդակներու վրայ եւ ոչ ալ նոյնիսկ երկու անձերու միջեւ: Աստուծոյ պարգեւած ազատութիւնը, մարդ էակը չարաշահած է անհաշիւ անգամներ: Միեւնոյն աշխարհը իր բոլոր բարիքներով վայելելու աստուածային պատգամը ո՛չ մէկը չէ ուզած անկեղծութեամբ ըմբռնել, համահաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով կիսելու զայն իրենց միջեւ:
Միշտ ներքին «ես»ի առաւելութիւնը պատճառ դարձած է, որ ուրիշին յառաջդիմութիւնը կանխարգիլելու միջոցներու մասին մտածէ մարդ: Ահա շփոթելու հիմնական պատճառը՝ նախանձը: Յառաջդիմելու հնաւորութիւն, առիթ ու միջոց բոլորին կը տրամադրէ Աստուած: Կը բաւէ միայն, որ մարդը կարողութիւնը ունենայ ճանչնալու առիթները եւ գտնելու իրեն ընձեռուող միջոցները:
Շփոթի մատնուելու կարիք չես ունենար, երբե՛ք, եթէ քու աշխատանքովդ կեանքդ կը շահիս, ու մանաւանդ օգտակար կը հանդիսանաս շրջապատիդ: Ուրիշին օգնելու մարդասիրական գործը լաւագոյն դաստիարակն է, որ մարդ կարողանայ իրմէ հեռացնել ու վանել ամէն տեսակի նախանձ:
Նախանձը ո՛չ միայն կը շփոթեցնէ, այլ նաեւ ինքնամատնութեան պատճառ կը հանդիսանայ: Այդ շփոթին մէջ, մարդ անգիտակցաբար կը պարտաւորուի իր ինքնութենէն, ներքին զգացումներէն արտաբերել շատ «գաղտնիք»ներ, որոնք բոլորն ալ ի վնաս իր անձին պիտի ըլլան:
Շփոթի պատճառը եթէ նախանձն է, անոր վերացումն ալ, նախանձին վերացումով կ՛իրագործուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.