2015-04-28 12:22:00

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Նէփալի աշակերտներուն կոչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մէջ կեցութիւն հաստատող դպրոցական, համալսարանական Նէփալի աշակերտները, երեքշաբթի, 28 ապրիլին, միաձայն կոչ ըրած են Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կառավարութեան ՝ զօրաւիգ կանգնելու Նէփալ քաղաքը հարուածող երկրաշարժի զոհերուն եւ անտուն մնացած բնակչութեան։

Այս կապակցութեամբ, խումբ մը կամաւոր բժիշկներ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են օգնելու վիրաւորներուն եթէ՝  Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կառավարութիւնը աջակցի անոնց։

Մինչ այդ՝ զօրակցութեան ի նշան, երկուշաբթի, 27 ապրիլին, աւելի քան 150 աշակերտներ­ աղօթքի հսկում կատարած են, որուն ընթացքին աղօթք բարձրացուցած են առ Ասուած,   քաջութիւն եւ հոգեւոր զօրութիւն հայցելով երկրաշարժի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ  վիրաւորներուն՝  որպէսզի անոնք կարենան դիմագրաւել աղէտի   դժուարութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.