2015-04-28 11:45:00

Ռայի պատրիարքին կոչը Միջին Արեւելքի հարստահարուած քրիստոնեաներուն ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը, մասնակցելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումի արարողութիւններուն,Երեւանին մէջ, ուղղուեցաւ Փարիզ`  ուր Ունեսքօ` կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան  պալատին մէջ ելոյթ ունենալով կոչ ըրաւ Միջին Արեւելքի հալածուած քրիստոնեաներուն ի նպաստ. ''Քրիստոնեաներու արտահանումը իրենց պապենական հողերէն  պիտի տկարացնէ չափաւորական մահմետականներու դիրքը'' ըսաւ ան։ Միջազգային հասարակութիւնը անտարբերութեամբ կը դիտէ սպանդը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն անհաւատ եւ անխիղճ մարդոց ձեռքով։ 

Պատրիարք Ռայի ֆրանսայի նախագահին հետ տեսակցելէ ետք ցնցիչ ճառ մը արտասանեց Միջին Արեւելքի  քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ու խաղաղութեան մշակոյթի հզօրացման ի խնդիր։ Ան որպէս հմուտ պատմագէտ պահանջեց վերջ տալ հրեայ-պաղեստինեան ընդհարումին, ընդգծեց  արաբ-մահմետական քաղաքակրթութեան նահանջը, որուն հետեւանքով քրիստոնեայ ընկերութիւնը թիրախ է խեղդումի։

Քրիստոնեաները հեռացնելով, երկու հազար տարուայ  կեանքի ապրումէն ետք, չափաւորական մահմետականները պիտի կորսնցնեն իրենց դերն ու ազդեցութիւնը - ըսաւ Պատրիարքը հուսկ բացագանչեց ''ես Ունեսքոյի պալատը եկած եմ լսելի դարձնելու ձայնը անոնց որոնք լռութեան մատնուեցան։ Ձեր մէջ կը գտնուիմ ցոյց տալու անձկութիւնը միլիոնաւոր փախստականներու, գաղթականներու, ծերերու, մանուկներու, կիներու ու այրերու, որոնք կորսնցուցին իրենց ձայնը, իրենց հայրենիքը ու իրենց ինչքերը ու անոնց ապաքան ահա կործանուած է։ Ձեր մէջ կը գտնուիմ վկայութիւն տալու վշտահար մարդոց, պատմելու անոնց ցաւը ու անոնց կրած տանջանքը։ Մարդասպան ու անիշխան մարդիկը իրենց ոճիրները կը գործեն պղծելով Աստուծոյ անունը, կ’արհամարեն ու կը նախատեն անմեղները։ Ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէսզի բարձրաձայն աղաղակեմ ու պաշտպանեմ այն մարդիկը որոնք կը սպասեն խաւարին վերջը ու կը յուսան տեսնել ծագելիք արշալոյսը որ պէտք է գայ միջազգային հասարակութենէն որ կը դանդաղի,կը յապաղի շարժելէն ու կը տատամսի մարդասպաններու ոճրագործ արարքները կասեցնելու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.