2015-04-28 10:47:00

Մոնթեվիտէոյի Մայր Տաճարին մէջ Մեծ Եղեռնի 100 ամեակի ոգեկոչում։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 26 Ապրիլ 2015-ին, Մոնթեվիտէոյի Մայր տաճարին մէջ, Կարդինալ Դանիէլ Սթուրլա նախագահեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչումի սուրբ եւ անմահ պատարագի արարողութեան որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրուկուացի հաւատացեալներ որոնց շարքին նաեւ եկեղեցական, կառավարական, քաղաքական եւ դիւանագիտական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ Ուրուկայի մէջ բնակող բազմաթիւ հայորդիներ։

Երկրին նախագահի որպէս ներկայացուցիչ Պատարագին ներկայ գտնուեցան երկրին առաջին տիկինը եւ անոր որդին:

Կարդինալ Դանիէլ Էսթուրլայի հետ համապատարագեց նաեւ Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ` Արհ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան քահանաներ` Հայր Անտոն Քէջեճեան եւ Հայր Կէննարիոս Լուսարարեան։ 

Սուրբ Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Սթուրլա ակնարկեց Երանելի Մալոյեանի նահատակութեան մէջբերելով երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի խօսքերը արտասանուած Միլանոյի Մայր Տաճարին մէջ, հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ ամեակին առթիւ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ աղօթքը արտասանուած ծիծեռնակաբերդի մէջ 2001-ին։

Կարդինալ Դանիէլ Էսթուրլան ակնարկեց ապա Ուրուկուէյի դիրքորոշումին` հայող հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ, հետեւելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին, ընդգծեց այդ ողբերգութեան ճանաչումի կարեւորութիւնը։

Յայտնենք թէ Կարդինալ Սթուրլան եղաւ Լատին Ամերիկայի առաջին Կարդինալը որ կրկնեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 12 ապրիլին կատարած ժեստը, պատարագ մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։ Լատին Ամերիկայի չորս այլ կարդինալներ եւս նախաձեռնած են նոյնանման արարողութիւններ յառաջիկայ շաբաթներուն։

Յայտնենք նաեւ  թէ Ուրուկուէյը եղած է առաջին երկիրը որ ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը։

Սուրբ Արարողութեան աւարտին Գերապայծառ Պօղոսեանը շնորհակալական խօսք ուղղեց Կարդինալ Դանիէլ Սթուրլային իր Հայ Ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ մօտիկութեան համար ու ապա Անոր նուիրեց Հայկական Խաչքար մը եւ երկու գիրգեր, մէկը`  հայող Երանելի Իգնատիոս Մալոյանի  եւ երկրորդը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին` Տիեզերական Եկեղեցւոյ նոր վարդապետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.