2015-04-28 11:54:00

Թուրքիոյ Մարտինի Հայկական Եկեղեցւոյ մէջ աղօթած են Ցեղասպանութեան զոհերուն համար։


Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Մարտին նահանգի Տերիքի շրջանի   հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ 24 ապրիլին յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Քրտական «Տիճլեհապեր» կայքի համաձայն, Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի 2 հայ ընտանիքներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է  Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակման արարողութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աղօթած ու մոմ վառած են:

Տերիքի հայ բնակիչներէն Զեքերիա Սապունճու պատմած է, որ 13 տարեկանին ցեղասպանութենէն ձեւով մը փրկուած մեծ մայրը պատմած  է, թէ ի՛նչ դաժանութեամբ ուղեկցած է հայերու կոտորածներուն: Ան  պատմած է, որ Տերիքի հայերը Թուրճել լեռ տարած եւ վար նետած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.