2015-04-28 12:12:00

''Եթէ դուն չ՝ըլլայիր'' վերտառութեամբ թատրոն


Երեքշաբթի, 28 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8.30-ին,  Հռոմի Պրանքաչչիօ թատերասրահին մէջ  կը բեմադրուի Սիրոյ նուիրուած ''եթէ դուն չ՝ըլլայիր'' վերտառութեամբ  թատրոն մը, դերակատարութեամբ  Հռոմի Քարիթասի կեդրոնի հիւրերուն։

Քարիթասի Կեդրոնի գաղթականները թատրոնի բեմադրութեամբ պիտի ցոլացնեն իրենց  սիրոյ ապրումները, կեանքի յուսախաբութիւնները,  ինչպէս նաեւ իրենց մէջ  ծնած եւ վերջ գտած սիրոյ պատմութիւնները, սէր՝ իրենց զաւակներուն, կեանքի եւ Աստուծոյ հանդէպ։

Թատրոնի եկամուտը պիտի յատկացուի Հռոմի Քարիթասի ձեռնարկներուն։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ. թատրոնի մասնակիցներու կը յղէ պատկերասփռուած պատգամ մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.