2015-04-27 10:31:00

Զմմառեան Միաբանութեան ընծայարանը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը


Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի միջոցառումներու շրջագիծէն ներս՝ 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8ին, Զմմառեան Միաբանութեան Վերափոխման Սրբոյ Կուսին վանական եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան եւ Սուրբ Միքայէլ Ընծայարաններու փոխ տեսուչ գերապատիւ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան մատուցեց սուրբ Պատարագ, եւ իր քարոզին մէջ ներկայացուց քրիստոնեայ հայ մարդու նկարագրին բնորոշ գիծերը, ըսելով «իր հոգեկերտուածքին ու բնաւորութեանը հարազատ կրօնը դաւանելով հայը, քրիստոնէութիւնը դարձուց իր էութեան բաղկացուցիչ մասը, անոր հաղորդելով հայեցի բնոյթ եւ հնչեղութիւն, իսկ քրիստնէութիւնը իր կարգին ամբողջացուց հայ մարդու մարդկային կերպարը: Այսպիսի փոխկապակցութեան ամբողջականութիւնն է դարերու դառն ու դաժան փորձութիւններու դիմակայած քրիստոնեայ հայու մարդկային կերտուածքը»:

 

Հայր սուրբը սոյն գաղափարը հիմնաւորելու միտումով, աւելցուց «Աստուածատուր իւրայատուկ բանականութեամբ օժտուած հայուն համար, բաւարար էր «Բանն Աստուծոյ» հետ առաջին իսկ հանդիպումը, զայն ընկալելու եւ իր սեփականութիւնը դարձնելու: Տակաւին առաքեալներու օրոք իր ծիլերը արձակած Հայոց Եկեղեցին, երբ 301 թուականին պետականօրէն իր գոյութիւնը կը բացայայտէր, արդէն Հայաստան աշխարհը համայն քրիստոնեաներու համար դարձած էր լոյսի եւ փրկութեան կռուան, ուր հեթանոս բռնակալներէն հալածուած հաւատացեալ քրիստոնեաները կը ստանային ապահով ապաստարան ու ազատօրէն զԱստուած փառաբանելու պատեհութիւն»:

Հայր Մաշտոց 23 Ապրիլ 2015ի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման հոլովոյթին անդրադառնալով ըսաւ. «Այսօր եւս՝ հայ Եկեղեցին կը մնայ իր պատուանդանին վրայ եւ իր պատուաւոր տեղը կը գրաւէ քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն մէջ, որու ամէնավառ վկան 400 տարիներու ընդմիջումէն ետք Հայ Եկեղեցին սրբադասման կարգը շնորհեց՝ առաջին աշխարհամարտին յանուն հաւատի եւ յանուն հայրենեաց ինկած մեր մարտիրոսներուն, նման Վարդանանք երախտաւորներուն: Եւ այս կատարուեցաւ համայն աշխարհէն Հայաստան ժամանած քոյր Եկեղեցապետերու ներկայութեամբ»:  Հոգեպարար արարողութենէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ Զմմառու մայրավանքի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Խաչքար յուշակոթողին շուրջ, ուր զետեղուած են Տէր Զօրէն բերուած մասունքներ: Շարականներով, խունկով եւ մոմով աղօթեցին եւ նահատակներուն բարեխօսութիւնը հայցեցին: 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.