2015-04-25 14:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքն ու մտահոգութիւնը Նեփալը հարուածող երկրաշարժին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) 7.9 աստիճան հզօրութեամբ աւերիչ ու ահռելի երկրաշարժ մը հարուածեց Նեփալը պատճառելով հարիւրաւոր զոհեր։

Ֆրանչիսկոս Պապը ի լուր այս ողբերգական իրողութեան, աղօթքով ու մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացումին, մասնակցելով բնակչութեան տառապանքին ու ցաւին։ Երկրաշարժի ալիքները հասած են նաեւ Հնդկաստան, Փաքիստան ու Պանկլատէշ ուր կան վիրաւորներ։

Երկրաշարժի հետեւանքով Էւերեստ լերան վրայ տեղի ունեցած է թաւալող ձիւնակոյտ որ իր կարգին աւերներ եւ զոհեր պատճառած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.