2015-04-25 10:10:00

''Ողորմութեան'' Սուրբ տարուայ նուիրուած նոր կայքէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած Ողորմութեան սուրբ տարուայ առթիւ, որ սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ 8 դեկտեմբեր 2015-ին, Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռին բացումով, ի լոյս ընծայուած է վեց լեզուներով կայքէջ մը` www.iubilaeummisericordiae.va հասցէին, որուն գլխաւոր էջին վրայ ներկայացուած  է Յոբելենական Տարուան կարգախօսը ''Ողորմած Հօր Աստուծոյ նման'' եւ տեղադրուած են Քահանայապետական զինանշանը եւ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի բնաբանը։

Կայքէջին մէջ, առ այժմ տեղադրուած են անցեալ 13 մարտի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կայացած արարողութեան տեսերիզները որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց Յոբելենական Տարւոյն հռչակումը, ինչպէս նաեւ անցեալ 11 ապրիլին` Յոբելենական Կոնդակի ընթերցման արարողութիւնը եւ այս առիթներով սրբազան Քահանայապետին արտասանած պատգամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.