2015-04-22 10:41:00

Սուրիոյ Հայ համայնքապետներու հաղորդագրութիւնը


Անցնող օրերուն, Հալէպի զանազան շրջաններուն վրայ ինկած հրթիռներուն պատճառով՝ հալէպահայութիւնը յայտնուեցաւ ծանր իրավիճակներու մէջ: Յատկապէս հայահոծ Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ բնակուած շէնքեր հիմնայատակ կործանեցան, քանդուեցան եւ կիսաքանդ դարձան: Արձանագրուեցան հայ վիրաւորներ:
Կառուցային վնասներ կրող շէնքերու շարքին էր Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը, որ պայմաններուն բերումով առժամապէս փոխադրուած էր Սուլէյմանիէի մէջ գտնուող «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:
Մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ահաւոր դժուարութիւններու յաղթահարման օգտակար դառնալու համար, Հալէպի հայկական բոլոր կողմերը ջանք չխնայեցին: Ի գործ դրուեցան յարաբերական աշխատանքներ եւ արտակարգ վիճակի դրութիւն հաստատուեցաւ:
Արտասովոր իրավիճակներու պահանջած պայմաններուն գործեցին եւ կը գործեն հայկական հաստատութիւններն ու միութիւնները: Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը՝ Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան գործադիր մարմինին հետ համատեղ կը շարունակէ հոգալ ժողովուրդին կարիքները եւ անոր անվտանգութեան ապահովման համար հնարաւոր բոլոր միջոցներուն դիմելով:
Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը շատ կարճ ժամանակի մէջ վերականգնեց իր աշխատանքային գրասենեակները եւ վերսկսաւ ժողովուրդի ծառայութեան գործերուն «Սիմոն Վրացեան» շէնքի ներքնայարկէն ներս՝ «Գառնի» սրահ:
Մխիթարելով մեր ժողովուրդը եւ ամոքելով անոր վէրքերը պիտի շարունակուին ճիգերը ամէն կերպ եւ ամէն պայմաններու մէջ տէր ու զօրավիգ կանգնելու անոր:
Կը յուսանք, որ հալէպահայութեան դէմ ծառացած այս ահռելի կացութիւնը շուտով կը բարեփոխուի եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կրկին կապրին խաղաղ ու անդորր պայմաններու մէջ:
Յիշեցման կարգով կը փոխանցենք, որ օգնութեան կանչով մեր ժողովուրդը կրնայ դիմել հետեւեալ կեդրոններուն, որոնք կը գործեն օրուան բոլոր ժամերուն.
- «Տիգրանեան» ակումբ, Նոր Գիւղ, 021 4646477
– «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, Սուլէյմանիէ, 021 4612450
– Բեթէլ եկեղեցի, Թէլէֆոն Հաուայի, 021 4642450
– «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային Տուն, Վիլլաներ, 021 4641881 – 4463902
– Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Վիլլաներ, 021 46464352 – 4614510
– ՀՄԸՄի պարտէզ, Ազիզիէ, 021 2125696 – 2125685:
Կը թելադրենք, որ ժողովուրդը զգուշաւորութիւն ցուցաբերէ եւ անհրաժեշտ պարագաներուն, ըստ հնարաւորին, ապահով տեղեր ապաստան գտնէ:

ՍՈՒՐԻՈՅ
ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏՆԵՐ,
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հալէպ, 15 Ապրիլ 2015








All the contents on this site are copyrighted ©.