2015-04-22 09:59:00

Գիրք մը եւ մատենադարան մը Պենետիկտոս ԺԶ-ի ընտրութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտոս ԺԶ.ի բարեկամները, գործակիցներն ու սաները միատեղ ժողովեցան գիրքի մը մէջ մտաբերել կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր Քահանայապետ ընտրուելու 10-րդ տարեդարձը։                      

Հատորը ‘’ Պենետիկտոս ԺԶ . Աստուծոյ ու մարդոց ծառայ’’ հրապարակուած Վատիկանի ''ԼԷՎ'' տպագրատունի եւ Schnell & Steiner  գերմանական հրատարակչատունի  համագործակցութեամբ։ Հատորը ներկայացուեցաւ գերմանական քահանայապետական վարժարանին մէջ։ Այդ առթիւ հաղորդուեցաւ մատենադարանի մը հաստատութիւնը` նուիրուած վաստակաւոր Պապի գրութիւններու։

19 Ապրիլ 2005 կարդինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր կ՛ընտրուէր Քահանայապետ։ Ութը տարիներու քահանայապետութենէն ետք, 11 Փետրուար 2013-ին, կը հրաժարի իր պաշտօնէն։

Հատորը ''Պենետիկտոս ԺԶ . Աստուծոյ ու մարդոց ծառայ’’ կ՛ ոգեկոչէ անոր կեանքին գլխաւոր հանգրուանները։ Այս աշխատանքը կը վստահուի իր անմիջական գործակիցներուն ։

Կարդինալ Միւլլեր` կառավարիչը  հաւատոյ ժողովին, հատորին մէջ կը գրէ  ''Պենետիկտոս ԺԶ.ի եւ քահանայութեան միջեւ կապի մասին ուր կը մատնանշէ շարունակականութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ.ի եւ ֆրանչիսկոս Քահայանապետի միջեւ։ Գիրքին նախաբանը կը կրէ ստորագրութիւնը գերապայծառ Georg Gaenswein-ի կառավարիչը Քահանայապետական Տան եւ գործակիցը Ռացինկերի 1996էն ասդին։ Ան կը գրէ. Այո, Անձերը կ’ուզէին տեսնել Պենետիկտոս ԺԶ.ը. սակայն նախ եւ առաջ անսալ անոր, որովհետեւ կարող էր պարզ ու ըմբռնելի բառերով ճանչնալ մեծ ճշմարտութիւններ հայող հաւատքի։ Անոր ընտրութեան օրը ըսած էր ''պարզ մշակ մըն եմ'' ես կ’ուզեմ ըսել որ ան եղած է մեծ սերմանող մը, շատ բան սերմանեց ժամանակին ընթացքին պիտի տեսնուի թէ ինչ ցանեց, պիտի աճի ու շատ պտուղ պիտի տայ։

Կարդինալ Kurt Koch, նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին , գրեց. Անոր քահանայապետութիւնը եղաւ յատկապէս աւետարանական քահանայապետութիւն, որովհետեւ անոր բոլոր քարոզներն ու խորհրդածութիւնները կեդրոնացած են Ս. Գիրքի վրայ։

Գիրքին ներկայացումին ընթացքին հաղորդուեցաւ ստեղծումը հռոմէական մատենադարանի մը Ժոզէֆ Ռացինկեր-Պենետիկտոս ԺԶ-ի անուամբ։

Յառաջիկայ Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի մատենադարանին եւ ուսումնասէրներուն տրամադրութեան պիտի դնէ  անոր բոլոր գրութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.