2015-04-22 10:52:00

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս դատապարտած է քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- 20 Ապրիլին Գարեգին Բ. կաթողիկոս ցաւակցական գիր յղած է Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եթովպիոյ պատրիարք եւ կաթողիկոս Ապունա Մաթիասին՝ Լիպիոյ մէջ ծայրայեղականներու կողմէ եթովպիացի քրիստոնեաներու սպանութեան առնչութեամբ։
Վեհափառ հայրապետը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով վշտակցութիւն յայտնած է Մաթիաս պատրիարքին եւ Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։
«Այս օրերին, երբ մեր ազգը ոգեկոչում է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը եւ կոչ ուղղում միջազգային հանրութեանը հաստատուն մնալ աշխարհում մարդու իրաւունքների եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան գործում, խստագոյնս դատապարտում ենք մեր քրիստոնեայ եղբայրների զանգուածային սպանութիւնը եւ յորդորում բարի կամքի տէր բոլոր մարդկանց անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկել կանխարգելելու նման յանցագործութիւններն ու ոճիրները», նշուած է Հայրապետին ցաւակցագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.