2015-04-22 10:05:00

Գաղթականներու ողբերգութիւնը Եւրոմիութեան ձախողութիւնն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Մարքսի դատումով գաղթականներու ողբերգութիւնը, որուն հետեւանքով հարիւրաւոր կեանքեր կորուստի մատնուեցան, կը բացայայտէ Եւրոպական Միութեան ձախողութիւնը։

Միջերկրականի նոր ողբերգութիւնը ձախորդութիւն մըն է եւրոպական միութեան ու անոր սկզբունքներուն։ Յաչս մարդկային այս ողբերգութեան Եւրոպան կարող չէ մնալ անզէն։ Մարդկային կեանքերու փրկութիւնը կարելի չէ նկատել քաղաքական լոկ հարց մը, այլ պարտականութիւն մը ի սպաս կեանքի սրբութեան։

Կարդինալ Մարքս խնդակցութիւն յայտնած է  որ եւրոպական միութիւնը` հինգշաբթի օրը արտակարգ ժողով մը պիտի գումարէ պատշաճ կարգադրութիւններ առնելու այդ ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կը  խնդրէ այս իրականութեան չհամակերպիլ։

Աղօթքով միացած ենք ու վճռակամ կոչ կ’ուղղենք Եւրոպայի պետութիւններուն որ չհամակին ծովու ողբերգութեան կը գրեն եպիսկոպոսները յայտնելով իրենց ցաւն ու մտահոգութիւնը ապագային նկատմամբ։

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ներկայիս համախմբուած է Պուքարէսթի մէջ` խորհրդածելու համար Ընտանիքի նիւթին մասին, այս առթիւ անոնք աղօթեցին զոհերուն ու անոնց պարագաներուն համար եւ խնդրեցին որ չհամակերպին բռնութեան ու չարաշահութեան։

Հարկաւոր է որ ամէն մարդ յարգուի, կը պահանջենք նշանակալից ջանք մը եւրոպական գետնի վրայ, լաւագոյնս դիմագրաւելու ու կանխարգիլելու ողբերգութիւնները։ Երաշխաւորել գաղթականներուն կանոնաւոր ու անվտանգ անցքեր - յայտնած են եպիսկոպոսները իրենց կոչին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.