2015-04-21 13:10:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 21 ապրիլի քարոզը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Երեքշաբթի, 21 ապրիլի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը նուիրած է հալածուած քրիստոնեաներու դիտաւորութեան։

Սրբազան Պապը իր քարոզին մէջ նկատած է՝ որ «մեր Եկեղեցին մարտիրոսներու Եկեղեցի է։» Այսօր բազմաթիւ քրիստոնեաներ հալածուած կամ սպաննուած են՝ պարզապէս իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար։

Օրուան Գործք Առաքելոցի ընթերցուածը կը պատմէ Ստեփանոս Նախավկայի մարտիրոսութեան դրուագը (Գործք Է. 51 – Ը. 1)։ Սուրբ Ստեփանոս ատեանի առջեւ կʼամբաստանուի։ Նախասարկաւագը այդ ատեանին առջեւ իր վկայութիւնը կու տայ եւ կը դաւանի իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը՝ Քրիստոսի հանդէպ։

Այնտեղ կը կարդանք թէ՝ «ոչ կարէին զդէմ ունել զիմաստութեանն եւ զհոգւոյն, որով խօսէր։» (Գործք Զ. 10) Յիսուսի նման՝ Սուրբ Ստեփանոս ալ սուտ վկաներու խօսքերուն վրայ հիմնուած կʼամբաստանուէր։ Հակառակորդները անոնց խօսքերը չեն ուզեր լսել, որովհետեւ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը՝ «Աստուծոյ խօսքը որոշ սրտերու մէջ հակակրանք կʼարթնցնէ։ Աստուծոյ խօսքը տաղտուկ կը պատճառէ՝ եթէ սիրտը կարծրացած է, եթէ սիրտը հեթանոս է. որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը արգելք կը հանդիսանայ յառաջանալու։ Յայտնութեան պատմութեան մէջ բազմաթիւ մարտիրոսներ սպաննուած են՝ Աստուծոյ խօսքին եւ Աստուծոյ ճշմարտութեան հաւատարիմ մնալուն պատճառով։»

Սուրբ Ստեփանոս սակայն՝ կը մահանայ քրիստոնէական վեհանձն ներողամտութեամբ, եւ թշնամիներուն համար մատուցած աղօթքով։ Անոնք, որոնք կը հալածէին մարգարէները՝ ինչպէս նաեւ Ստեփանոսը, կը կարծէին թէ Աստուծոյ փառք կը մատուցանեն, ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ. անոնք կը կարծէին թէ Աստուծոյ վարդապետութեան անհաւատարիմներն է որ կը հալածեն։ Եկեղեցւոյ իսկական պատմութիւնը՝ սուրբերու եւ մարտիրոսներու պատմութիւնն է. հալածուածներու եւ մարտիրոսներու եւ բազմաթիւ սպաննուածներու պատմութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա նակտեց՝ որ «Այսօր ալ կան բազմաթիւ Ստեփանոսներ աշխարհի շուրջ։ Այդ մարտիրոսները անոնք են, որոնք խեղդուեցան Լիբիայի ծովեզերքի վրայ. կամ այն պատանին, որ կենդանի հրկիզուեցաւ, որովհտեւ քրիստոնեայ էր. կամ այն գաղթականները, զորոնք ծով նետեցին՝ որովհետեւ քրիստոնեայ էին. եւ կամ երկու օր առաջ սպաննուած եթովպիացիներ, եւ ուրիշ բազմաթիւ անհատներ՝ սպաննուած եւ կամ տառապեալ՝ բանտերու մէջ։»

Եզրափակելով իր քարոզը՝ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ անծանօթ մարտիրոսները՝ Եկեղեցւոյ առօրեայ կեանքէն ներս եւ ըսաւ՝ «Այսօր Եկեղեցին մարտիրոսներու Եկեղեցի է։ Մարտիրոսները կը տառապին եւ իրենց կեանքը կու տան, իսկ մենք՝ կը ստանանք Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ անոնց վկայութեան շնորհիւ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.