2015-04-21 09:29:00

Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի ''Վեսախ''- ի տօնին պատգամը։


Միասնաբար հակադրենք արդի ստրկութեան։

(Ռատիօ Վատիկան) Vesakh` Լոյսի տօնին առթիւ, Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ, բոլոր անոնց որոնք կ՛ ոգեկոչեն ''Gautama Buddha''-ի կեանքի երեք հանգրուանները. ծնունդը, լուսաւորութիւնն ու մահը։

Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է մօտիկութիւն յայտնելու մասնաւորապէս անոնց որոնք կը տառապին, ու վերանորոգելու մեր յանձնառումը, անոնց բերելով մեր քաջալերական խօսքերը։ Մեր այս տարուայ պատգամը ներշնչուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ նիւթէն` ''ոչ ստրուկներ, այլ եղբայրներ ու քոյրեր'' - կը կարդանք Պատգամին մէջ։

Անցեալին ստրկութիւնը ընդունուած էր, ապա պաշտօնապէս ջնջուեցաւ համայն աշխարհի մէջ, սակայն տակաւին կը մնայ զանազան երեւոյթներու տակ, ազատութենէն զրկուած ու պարտաւորուած ապրելու նոր ստրկութիւն մը։ Այսպէս է պարագան բազմահազար բանուորներու, գաղթական այրերու, կիներու եւ մանուկներու որոնք կը կրեն ֆիզիքական, հոգեկան կամ սեռային զեղծումներ։ Մարդկութեան դէմ այս ահաւոր չարիքին պատճառը ապականութենէ կամ տգիտութենէ խեղաթիւրուած մարդու սիրտն է։

Սիրեցեալ բարեկամներ - կը կարդանք միշտ պատգամին մէջ -  բաժնենք այն համոզումը որ արդի ստրկութիւնը ու մարդկային էակներու վաճառը ծանր յանցագործութիւններ են, բաց վէրքեր են ժամանակակից ընկերութեան մարմնին մէջ։

''Ճշմարիտ ուղին'' հատուածին մէջ, Պուտտան կը յայտարարէ որ ողջերու առեւտուրը, ներառեալ ստրուկներունն ու  պոռնիկներունը, հինգ զբաղմունքներէն մէկն է որ անհատը պէտք չէ յանձն առնէ։ Ան կը սորվեցնէ տէր դառնալ ինչքերու` խաղաղօրէն, պարկեշտութեամբ եւ օրինաւոր միջոցներով, առանց հարկադրանքի, բռնութեան ու խաբէութեան։ Այսպէսով, Պուտտայականութիւնը նաեւ կը քարոզէ յարգանքը կեանքի ու ամէն անհատի ազատութեան։    








All the contents on this site are copyrighted ©.