2015-04-21 12:29:00

Հայր Ժունիբերօ Սէրրայի սրբադասման արարողութիւնը


Երկուշաբթի, 20 ապրիլին,Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցեցաւ, ՝՝Հայր Ժունիբերօ Սէրրա, Քալիֆորնեա նահանգի առաքեալ՝ սրբութեան վկայ՝՝ խորագիրով՝ խորհրդածութեան օրուայ ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ, 2 մայիսին։ Խորհրդածութեան օրուայ նպատակն է՝ հանրութեան ծանօթացնել Եղբայր Ժունիբերօյի կեանքն ու Սրբութեան վկայութիւնը, որուն սրբադասման արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 23 սեպտեմբերին։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին տեղեկութեամբ՝ Եղբայր Ժունիբերօ Սէրրայի սրբադասման արարողութեան պիտի նախագահէ Ֆրարնչիսկոս Քահանայապետը՝ յառաջիկայ 23 սեպտեմբերին, Ուաշինկթոն քաղաքին տուած միջազգային առաքելութեան ընթացքին։ Նշենք, թէ Սպանացի Հայր Ժունէբէրօ եղած է Ֆրանչիսկեան միսիոնար։ Ան՝ 1700 թուականներուն Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ հիմնած է զանազան կաթողիկէ միսիոնարական հաստատութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.