Երկուշաբթի, 20 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի Րաբբունապետերու Խորհուրդի պատուիրակութեան անդամներուն։
Այս առթիւ Սրբազան Պապը իր խօսքին մէջ ողջունեց Խորհուրդի Նախագահ Րաբբի Փինխաս Կոլտշմիտը։
Ապա Սրբազան Պապը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց երէկ երեկոյ մահացեալ Հռոմ Քաղաքի նախկին Րաբբունապետ Էլիո Թոաֆֆի համար, որ եղած է երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մարդ մը։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հրէական համայնքի միջեւ երկխօսութիւնը յառաջդիմութիւն արձանագրած է վերջին յիսուն տարիներուն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, յիշելով՝ որ յառաջիկայ հոկտեմբերի 28ին, պիտի կատարուի Վատիկանեան ժողովի “Nostra Aetate” յայտարարութեան յիսնամեակը։
Ֆրանչիսկոս Պապ, նկատեց՝ որ այսօր Եւրոպայի մէջ աւելի քան երբեք հարկաւոր է շեշտել մարդկային կեանքի հոգեւոր եւ կրօնական տարածքները՝ ընկերութեան մը մէջ, որ յարաճուն կերպով յատկանշուած է աշխարհիկութեան հոգիով եւ սպառնալիքի ենթակայ՝ անաստուածութեամբ։ Վտանգուած ենք ապրելու այնպէս՝ իբր թէ Աստուած գոյութիւն չունենար. ուր մարդ արարածը փորձութեան ենթակայ է՝ ինքզինք Աստուծոյ տեղ դնելու եւ ինքզինք նկատելու ամէն ինչի չափանիշը՝ կառավարելու ամէն ինչ եւ գործածելու ամէն ինչ իր կամքին համաձայն։ Մինչ ամէն ինչ Աստուծոյ պարգեւն է։
Հրեաներ եւ Քրիստոնեաներ օրհութիւնն ունին, սակայն նաեւ պատասխանատուութիւնը պահելու այսօրուան մարդուն եւ ընկերութեան հոգեւոր իմաստը, շեշտեց Սրբազան Պապը, եւ եզրափակեց պատգամը՝ մտահոգութիւն յայտնելով Եւրոպայի տարածքէն ներս երեւան եկած հակասեմական միտումներուն համար, եւ յորդորեց՝ որ իւրաքնչիւր քրիստոնեայ զգուշանայ հակասեմական որեւէ ձեւէ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |