2015-04-20 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 20 ապրիլի քարոզը ՝՝Շատեր կը հետեւին Յիսուսի իշխանատենչութեան համար”


՝՝Շատեր կը հետեւին Յիսուսի իրենց շահերուն եւ իշխանատենչութեան համար”.

այս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Երկուշաբթի, 20 ապրիլին, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի հացերու բազմապատկումի հրաշքին մասին։ Ան ըսաւ՝՝Շատեր կը հետեւին Յիսուսի իրենց շահերուն եւ իշխանատենչութեան եւ նիւթական շահերու համար, եւ ոչ թէ հոգեւոր հմայքին համար, որ մեզ կ՝առաջնորդէ դէպէ Աստուածապաշտութիւն։

Ֆրանչիսկոս պապ նշմարել կու տայ, թէ հաւատքին մէջ կայ վտանգը չի հասկնալու Տիրոջ ճշմարիտ առաքելութիւնը։ Ասիկա կը պատահի երբ կը շահագործենք Յիսուսը՝ սայթաքելով իշխանատենչութեան  փորձութեան մէջ։

Աստուած մեզ կը սթափեցնէ Սուրբերու եւ մարտիրոնսերու վկայութեամբ՝ որ ամէն օր կոչ կ’ընեն մեզի՝ յայտնելով թէ՝ Յիսուսի ուղիին վրայ ընթանալ՝ կը նշանակէ հռչակել Անոր առաքելութիւնը ու շնորհքի տարին։

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՝եզրափակէ իր քարոզը՝ խնդրելով Տիրոջմէ որ մեզի շնորհէ Անոր հետ հանդիպումի հմայքի շնորհքը, ինչպէս նաեւ օգնէ մեզի չ՝իյնալու համար աշխարհիկ հոգիին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.