2015-04-20 09:52:00

Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոգեկոչում՝ Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ


17 Ապրիլ 2015-ին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ աղօթքով, երգով ու ասմունքներով յարգանքի տուրք մատուցեց հայ ժողովուրդի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:

Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ վարժարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մեծաչափ նմանակին առջեւ բարձրացուած աղօթքով եւ “Տէր, ողորմեա”ով, առաջնորդութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ վրդ. Սապէի: Ապա մասնակիցները ուղղուեցան “Յովհաննէս Պօղոսեան” սրահ, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, համաձայն պրն. Վազգէն Մուղալեանի նախագծումին եւ համադրումին, գործակցաբար վարժարանի երգի ուսուցիչ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի:

Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, ձեռնարկի բացումը կատարեց Սթեֆանի Պալթայեան: Այնուհետեւ մեծ “Ծիծեռնակներ”ու երգչախումբը կատարեց “Ապրիլեան նահատակներուն”  եւ “Հայրենիքիս հետ” երգերը, որուն յաջորդեց Ազնիւ Փօլատեանի ասմունքը (“Պարը”, Սիամանթօ)  ընկերակցութեամբ բարձր կարգի դասարաններու աշակերտուհիներու պարին: Մեծ ազդեցութիւն գործեց Էլի Թորանեանի կատարումը Սիամանթոյի “Խեղդամահը” քերթուածին, որուն ընդմէջէն պատանի ասմունքողը յաջողեցաւ ներկաներուն փոխանցել ամբողջ տառապանքը Եղեռնի զոհ հայ մանուկներուն եւ մայրերուն: Յաջորդող մասերով ելոյթներ  ունեցան մեծ “Ծիծեռնակներ”ը՝ (“Երազ իմ երկիր հայրենիք”, “Մենք հայրեր ենք”) Կասիա Ճինեան (ասմունք՝  “Ափ մը մոխիր”, Սիամանթօ), Ճենիֆըր Քասիս (“Ես բողոքում եմ”, Յովհաննէս Շիրազ), փոքր “Ծիծեռնակներ”ը (“Սարդարապատ”, “Տուր ձեռքդ իմ եղբայր”), Եւա Ղազարեան ( ասմունք՝ “Ո՞ւր էիր Աստուած”, “Գարուն ա, Ձիւն ա առել”), Ճոնի Պէյլէրեան եւ Քարլի Թիւֆէնքճեան (ասմունք՝  “Հպարտ եմ ես”, Պարոյր Սեւակ): Յայտագրի եզրափակումը եղաւ երկու ոգեշնչող կատարումներով. “Ծիծեռնակներ” մեծերու երգչախումբը հնչեցուց Ազնաւուր-Կառվարենցի “Pour toi Arménie”-ին, իսկ Էլի Թորանեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի “Կանք պիտի լինենք” քերթուածը, ընկերակցութեամբ Մեսրոպեանի երգչախումբերուն:

 

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչ ուսուցիչներն ու մասնակից բոլոր աշակերտները: Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, տնօրէնը կարեւորեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտումին ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները՝ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Ա. պապին կեցուածքը, որ արտայայտուեցաւ 12 Ապրիլի պատարագին, Վատիկանի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ 100ամեակը մեր պայքարին վերջը չէ, այլ կարեւոր հանգրուան մը՝  արդարութեան լիակատար յաղթանակին հասնելուն ուղղութեամբ: Պարոն Կ. Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն հաւատարիմ մնալ Մեծ եղեռնի նահատակներուն կտակին, նպաստել Հակական պահանջատիրութեան եւ անոր ջատագովները մնալ՝ մեր ապրած միջավայրին մէջ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի
 








All the contents on this site are copyrighted ©.