2015-04-20 10:11:00

Հալէպը կը վերապրի մեռեալներու ու աւերներու միջեւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ զինեալ ընդհարումի ամենէն տխուր էջերէն մէկը կը կազմեն Հալէպի վերջին երկու տարիները, յայտնեց գերապայծառ Միրիաթեան  Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, Ռատիովատիկանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։ Ան ապա տեղեկացուց թէ Քաղաքը շրջապատուած է, բազմաթիւ քաղաքացիներ նախընտրած են գաղթի ճամբան առնել։ Անցեալ շաբաթ ռմբակոծուեցան քրիստոնեայ թաղամասերը­, Յոյն­, Հայ եւ Մարոնի եկեղեցիները վնասուեցան, իսկ այլ տուներ հիմնայատակ եղան։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն  հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հալէպը որակեց որպէս մարտիրոսներու քաղաքը։ Եւ իրապէս ասիկա ճիշտ է որովհետեւ քաղաքացիներուն ոչ միայն կը պակսի լոյս, ջուր, ու դեղ այլ սկսան ռմբակոծել քաղաքը եւ ժողովուրդը վախէն կը փախչի նոր կեանքի մը ձգտումով։

Հալէպի մէջ մենք զմեզ կը զգանք ձգուած ու լքուած։ Մեծ առիթներուն եկեղեցւոյ մէջ իրարու կը հանդիպինք ու ժողովուրդին կը կրկնենք համբերեցէք, համբերեցէք։ Սակայն այս վերջին ռմբակոծումներուն պատճառաւ շատ մը ընտանիքներ քաղաքէն հեռացան։

Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները ճշմարիտ քաղաքացիներ են։ Պօղոս առաքեալը իր քարոզութիւնը սկսաւ Դամասկոսի մէջ։ Հալէպի մօտ` Անտիոքի մէջ, Քրիստոսի առաջին աշակերտները քրիստոնեայ կոչուեցան, ինչպէս կը կարդանք Գործ Առաքելոց գիրքին մէջ։ Մենք  Հալէպի մէջ ունինք հինգ եկեղեցիներ, աթոռանիստ եկեղեցին թիրախ եղաւ ռմբակոծումի, նոյնպէս կործանուեցան մարոնի եւ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցիները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.