2015-04-18 13:58:00

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


Կիրակի, 12 ապրիլ, 2015ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ Պատարագ մատոյց հայազգի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Ինչպէս դիւանային փաստաթուղթերը կը վկայեն՝ Վատիկանը արդէն Բենեդիկտոս ԺԵ. Սրբազան Քահանայապետի օրով իր ձայնը լսելի ըրած է՝ բողոքելով՝ Թուրքիոյ կողմէ՝ հայոց դէմ հնարուած բնաջնջումի ծրագիրներուն եւ անոնց գործադրութեան դէմ։

Այսօրուան հաղորդումին մէջ կը ներկայացնենք հալածանքներու եւ ցեղասպանութեան ժամանակէն ականատեսի վկայութիւն մը։ Վատիկանի Գաղտնի Դիւանին մէջ կը գտնուի տեղեկատուութիւն մը Ներսէս Վարդապետ Պաղտիկեանի կողմէ՝ թուարկուած 1917, յուլիս 22։ Այս նամակէն յառաջ կը բերենք հատուածներ պահելով բնագրի լեզուն։

“Սակայն մարդկային փրկութեան անհաշտ թշնամին կը գրգռէ, կը վառէ, կը զինէ իր պաշտօնեաները կարեվէր հարուածով մը ուծացնելու քրիստոսասէր ժողովրդեան Աստուածպաշտութիւնը։ Մայիս 27-ին Պէնտէկոստէին օրը առաւօտեան դէմ ծպտեալ եւ պաշտօնական զգեստներով փօլիսներ մեր աղօթարանին շրջակայքը առած պաշարած են. եկեղեցի եկօղ կանանց եւ աղջկանց դէմքերուն վրայ ուշադիր սեւեռելով իրենց յայրատ աչքերը ճանչնալու եւ ձերբակալելու նպատակաւ Միւհթէտիները (իսլամութենէ քրիստոնէութեան դարձողներ)։ Փօլիսներուն գալէն առաջ՝ առաւօտ կանուխ ես արդէն աղօթարան կը գտնուէի խոստովանանքի նստած։ Լուր տրուեցաւ ինծի. Խոստովանարանէն դուրս ելայ՝ տեսայ որ ժողովուրդը ահի դողի մէջ աղօթատեղիէն գաղտագողի մեկնիլ կը փափաքի, աչքս չորս կողմս պտտցուցի տեսայ որ ո´չ աղօթարանին մէջ՝ ոչ ալ գաւիթը փօլիս կը գտնուի, քաջալերեցի ժողովուրդը՝ որ բնաւ չվախնան, բոլորովին անտարբեր գտնուին եւ ջերմագին աղօթեն։ Այսօր Հոգեգալստեան տօնն է, ըսի, Աստուծոյ հոգին է հոգի շնորհաց եւ զօրութեան։ Զօրութեանց տէրը մեզի հետ է։ Որոշեալ ժամուն մատուցի առաջին պատարագը, յետոյ ըստ սովորութեան Մայիս ամսուան արարողութիւնները կատարեցինք, ապա օրհնութիւն ՍՍ. Հաղորդութեան, ի վերջոյ ծանուցի թէ ժամ մը ետքը երկրորդ պատարագը պիտի մատուցանեմ։ Մեկնեցաւ ժողովուրդը՝ իւրաքանչիւրը փօլիսներուն խիստ նկատողութեան առարկայ եղած։ Տեղւոյն անձկութեան պատճառաւ միշտ ժողովրդեան մեկնելէն ետքը սրբութիւն կը բաշխեմ, սրբութեան մերձենալ ուզօղներուն։ Միւհթէտի ծնողաց 8-10 տարեկան չորս հատ աղջիկներ կը գտնուէին ժողովրդեան մէջ նախընթաց օրը խոստովանած, որոնք ջերմ եռանդեամբ սրբութիւն առնելու եկած էին առաւօտ կանուխ բոլոր ժողովրդէն առաջ, ի սկզբան խորհուրդ տրուեցաւ ինծի ասոնք ետ խրկելու, մերժեցի, պատարագնին տեսան սրբութիւննին առին եւ շնորհակալութիւննին մատուցանելէն ետքը, միւս սրբութիւն առնողներուն հետ փօլիսներուն մէջէն անցան գնացին անվեհեր “Եւ նոքա անցեալ ընդ մէջ նոցա գնացին”։ Դարձեալ խուռն բազմութիւն մը ներկայ է երկրորդ պատարագին՝ զոր մատուցի յետոյ ժամադիր ժամուն, յետոյ քարոզ, հուսկ ուրեմն կը մեկնի ժողովուրդը. Յետոյ սրբութիւն կը բաշխի, եւ քառորդ ժամ ետքը անոնք ալ կը մեկնին ամէն մէկը փօլիսներուն ակնկառոյց եւ ուշադիր նկատողութեան ենթակայ։ Այսպէս փօլիսները երբէք չհասան իրենց նպատակին։

Մի եւ նոյն օրը Մայիս 27, առաւօտ, աղօթատեղիէն ժողովրդեան մեկնելէն ետքը, փօլիսները կ’սկսին մեր աղօթատեղիին մէջ խիստ խուզարկութիւն մը կատարել. Սենեակները՝ անկողինները՝ գետնայարկ տեղերը՝ պատուհանները, սնտուկներուն մէջ, ի՞նչ է փնտռածնին, Միւհթէտի։ Բայց ճշմարտութիւնը տինամիթ կը փնտռեն եղեր։ “Անդ երկիցեն երկիւղ՝ ուր ոչ գոյ երկիւղ”։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.