2015-04-17 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Տոմուս Սանթա Մարթայի 17 ապրիլի Պատարագին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 17 ապրիլի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի Պատարագին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան Գործք Առաքելոց գրքի ընթերցուածին, ուր առաքեալները ատեանի դիմաց կ՛ամբաստանուին։ (Գործք Ե. 34-42)

Խոնարհեցումը ինքնին՝ ըստ Սրբազան Քահանայապետին՝ ինքնախոցում է, մինչ Սուրբ Աւետարանի անունով ընկալուած խոնարհեցումը՝ մեզ կը նմանեցնէ Յիսուսի։

Սրբազան Քահանայապետը քարոզին սկիզբը հարց տուաւ՝ “կարելի՞ է մարդուն համար՝ դժուարին պարագաներու մէջ գործել Աստուծոյ միջոցներով։” Սրբազան Պապի տուած պատասխանը եղաւ “Այո´”։ Կարելի´ է՝ որ մարդ Յիսուսի նմանութեամբ տանի խոնարհեցումը։

Առաքեալները կանգնած են ատեանի առջեւ՝ ամբաստանուած անոր համար՝ որ Աւետարանը կը քարոզեն։ Օրէնքի վարդապետները չեն ուզեր լսել։ Կը պահանջեն անոնց մահը։ Սակայն Գամաղիէլ անունով փարիսեցին կը միջամտէ՝ մատնանշելով այլ պատահարներ ու դէպքեր եւ առաջարկելով լուծում։ Ան չի հետեւիր ատելութեան զգացումներուն։

Մենք ալ այսպէ´ս պէտք է գործենք՝ երբ ունինք չար մտածումներ, չար զգացումներ, հակակրանք եւ ատելութիւն ուրիշներուն հանդէպ։ Այդ պարագաներուն թոյլ չտանք՝ որ բացասական զգացումները աճին՝ այլ կանգ առնենք, եւ ժամանակ տրամադրենք։ Ժամանակը ներդաշնակութիւն կը շնորհէ, թոյլ կու տայ ուղիղը տեսնելու։ Սակայն երբ մենք կը գործենք բարկութեան րոպէին՝ անպայմանօրէն անճիշտ պիտի ըլլայ մեր արարքը։

Եթէ  մենք ոխ կը պահենք՝ այն ժամանակ անխուսափելիօրէն պիտի բռնկինք։ Իսկ եթէ ուրիշներուն հանդէպ ունինք չար զգացումներ՝ կը պայքարինք նաեւ Աստուծոյ դէմ։ Աստուած կը սիրէ բոլորը, կը սիրէ ներդաշնակութիւնը, կը սիրէ սէրը, կը սիրէ երկխօսութիւնը, կը սիրէ միասնաբար ընթանալը։

Ուրեմն կանգ առնենք եւ թոյլ տանք՝ որ Սուրբ Հոգին գործէ, որովհետեւ Ան մեզ կ’առաջնորդէ արդարին եւ խաղաղութեան։

Ապա սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրէնքի վարդապետներու հպարտութեան, որուն հետեւանքով կ’ուզեն սպանել ուրիշները։ Մինչ Յիսուսի ճանապարհը՝ խոնարհութեան ճանապարհն է։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յորդորեց՝ որ նմանինք Յիսուսի։ Այսօր ոչ միայն մարտիրոսներ Քրիստոսի նմանութեան վկայութիւն կու տան, ըսաւ ան, այլ բազմաթիւ այր մարդիկ եւ կիներ՝ ամէն օր կը գերազանցեն խոնարհեցումներ՝ իրենց ընտանիքի բարիքին համար, լռելով ի սէր Յիսուսի։ Այս է եկեղեցւոյ սրբութիւնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, այն ուրախութիւնը որ կու գայ խոնարհեցումէն՝ ինչպէս էր Առաքեալներու պարագան։ Անոնք ուրախ էին, որ Յիսուսի համար խոնարհեցում կը կրէին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.