2015-04-17 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի միջազգային ճամբորդութեան ծրագիրը դէպի հարաւային Ամերիկա


Հինգշաբթի, 16 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը` յառաջիկայ 6 – 12 յուլիս 2015 հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուայ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ընդառաջելով վերոնշեալ երկիրնրեու Պետերու եւ եպիսկոպոսներու հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը  պիտի կատարէ հովուական այցելութիւն մը Էքուատոր 6-8 յուլիս, Պոլիվիա 8-10 յուլիս, Փարակուայ 10-12 յուլիս։ Ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրատարակուին յաջորդիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.