2015-04-16 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Քենիայի Եպիսկոպոսներուն


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ՝ հինգշաբթի 16 ապրիլին, գրաւոր պատգամը յանձնեց Քենիայի եպիսկոպոսներուն, անոնց կանոնական հնգամեայ այցելութեան առիթով։

Իր գրաւոր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը եղբայրական իր ողջոյնը յայտնեց եպիսկոպոսներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Նյուըի, անոր՝ ժողովուրդի անունով մատուցած խօսքերուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ Քենիայի ժողովուրդէն եկած քահանայական կոչումները նկատեց իբր նշան Աստուծոյ բարութեան։ Այդ կոչումները կը հարստացնեն ոչ միայն իրենց թեմերը, այլ եւ ընդհանրական եկեղեցին։ Գնահատանքի արժանի է անոնց նուիրումը՝ Եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Հրամայական մըն է՝ որ անոնց կազմաւորումը ըլլայ մարդկայնօրէն մաքուր, խոր հոգեկանութեամբ, մտաւոր հարստութեամբ եւ հովուական բազմազանութեամբ։

Սրբազան Պապը գիտակից է գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն՝ ըլլա´ն անոնք թեմական մակարդակի վրայ, եւ կամ եպիսկոպոսական ժողովներու մարզէն ներս։

Եպիսկոպոսներու պաշտօնն է՝ հոգիներու հովիւ ըլլալ, հայր եւ հովուող։ “Այս աշխատանքը կը կատարուի ձեր անմիջական համագործակիցներու՝ քահանաներու մասնակցութեամբ,” ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Եպիսկոպոսները թող առաջնորդեն քահանաները յստակութաեմբ եւ զօրութեամբ, բայց նաեւ յատուկ կերպով՝ կարեկցութեամբ եւ գորովով։

Եպիսկոպոսները միշտ պէտք է նային Յիսուսի օրինակին, որ առաքեալներուն անհատապէս ուշադրութիւն կը դարձնէր, անոնց հետ ժամանակ կ’անցըներ եւ անոնց ընկերութիւնը կը վայելէր։ Եպիսկոպոսները պէտք է նկրտին ըլլալու իրենց քահանաներուն հետ, ճանչնալու զանոնք եւ լսելու զանոնք։ Եպիսկոպոսներու օգնութիւնը պիտի օգնէ քահանաներուն ըլլալու հաւատարիմ իրենց խոստումներուն, եւ զօրացնելու հասարակաց ճիգերը՝ կերտելու Քենիայի մէջ Աստուծոյ արքայութիւնը։

Ապա, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կրօնաւորական կեանքի նուիրուած այր մարդոց եւ կիներուն, որոնք հրաժարած են աշխարհէն՝ ի սէր Աստուծոյ արքայութեան՝ բերելով բազմաթիւ օրհնութիւններ Քենիայի Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը բազմակողմանի է, սակայն մի։ Շատ աւելի արդիւնաւոր պիտի ըլլայ առաքելութիւնը՝ Աստուծոյ փառքին համար՝ եթէ ան կատարուի ներդաշնակութեամբ։

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքի խօսքերը ուղղեց աշխարհական հաւատացեալներու, եկեղեցական զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու տարած աշխատանքին։ Անոնք պէտք է պահեն եւ պահպանեն բարոյական սկզբուները եւ նուիրուին ընկերութեան կերտումին իր ամբողջականութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետի յատուկ ուշադրութեան արժանացան ընտանիքները։ Եպիսկոպոսներու պարտականութիւնն է զօրացնել զանոնք՝ յատկապէս այն ընտանիքները, որոնք կը տուայտին խորտակուած ամուսնութիւններու, անհաւատարմութեան, մոլութիւններու եւ բռնութեան պատճառով։








All the contents on this site are copyrighted ©.