2015-04-16 09:52:00

Էրտողան դարձեալ կը խօսի հայաստանցիները արտաքսելու մասին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կրկին օրակարգի բերած է Թուրքիա ապրող հայաստանցիներու հարցը, պնդելով, թէ Անգարա կրնայ արտաքսել զանոնք, սակայն նման քայլի մը չէ դիմած:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին համաձայն՝ Ղազախստան մեկնելէ առաջ, Էրտողան պնդած է, թէ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու նկատմամբ որեւէ բացասական վերաբերմունք չկայ ու ապա կատարած է նշեալ անուղղակի սպառնալիքը եւ յիշած է, որ Աղթամարի եկեղեցին պետական գումարներով վերանորոգուած է:
Ան դարձալ անկարեւոր նկատած է Եւրախորհրդարանի կողմէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ բանաձեւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.