2015-04-14 10:40:00

Ինչո՞ւ պէտք ունինք պատարագի երթալու


Յաճախ մենք մեզ կը հարցնենք թէ կիրակի օրը տակաւին սուրբ օր մը կը նկատուի մեզի համար թէ այս սովորութիւնը եւ կամ աղօթքի ջերմեռանդութեան:  Մենք որպէս հաւատքի մարդիկ՝ մեր խիղճը մեր առջեւ կը դնէ մեր պապերուն կողմէն ձգուած այս գեղեցիկ սովորութիւնը կիրակի օրը իսկական սրբութիւնը ապրելու: Այսինքն հաւատքն է որ մեզ կը մղէ ինքզինքինս հարցնելու թէ պէտք եմ կամ պէտք ենք մեր առջեւ դնելու նախ եւ առաջ սէրը եւ հաւատքը որեւէ քայլ մը առնելու: Ուրեմն մենք չենք որ զԱստուած կը սիրենք այլ ինք՝ մեզ սիրեց, ինքն է որ մեզի ղրկեց իր միակ եւ միածին որդին ըլլալու զոհը մեր մեղքերէն ազատուելու:

Մենք չենք որ ստեղծեցինք Սուրբ Հաղորդութիւնը: 20 դարերէ ի վեր, քրիստոնեաները կը հաւաքուին ամէն օր եւ ամէն տեղ Տիրոջ օրը մատուցանելու համար, որովհետեւ պատճառը կայ՝ զայն կատարելու հակառակ իմ կամքիս եւ կամ պարագաներուս:

Մեզի աւելի յստակ կը թուի այս հարցը երբ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ այս կամ այն բանը ընենք: Այս բոլորին պատասխանը կը գտնենք Սուրբ Գիրքին եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն եւ կեանքին մէջ...

Սուրբ Հաղորդութեան ծագումը Յիսուսի սրտին եւ նայուածքն է: Սուրբ Մարկոսը մեզի կը պատմէ այն հանդիպումը Տիրոջ եւ անօթի ժողովուրդին հետ: Աւետարանիչը կ'ըսէ թէ Յիսուս գթաց իր վրայ, որովհետեւ կը նմանէին այն կորսուած ոչխարներուն որոնք առանց հովիւի էին, եւ ասկէ աւելի կը հրամայէ իր աշակերտներուն իրենց պէտք եղած կերակուրը տալու (Մարկ 6, 34): Աստուած կը ճանչնայ մարդուս տկարութիւնը, ինչպէս նաեւ իր յոգնութիւնն ու փորձութիւնները կեանքի ճանապարհին վրայ: Ասոր համար եկած էր իրենց հետ քալելու համար:

Յիսուս կու գայ հանդիպելու մեզի հետ Սուրբ Պատարագին ընթացքին բացատրելով բոլորիս իմաստը այդ նշանաւոր վեըջին ընթրիքի սեղանին խօսքերը, մեզի հետ ըլլալով կը նուիրէ բոլորիս իր մարմինը եւ արիւնը՝ մեզի հետ շարունակելու կեանքը եւ հասկցնելու թէ Խաչին վրայ զոհելուով մեր սիրոյն համար եւ մանաւանդ առանց վհատելով մահէն:

Այս բոլորը ապրելով, մենք մեզի հարցնենք թէ ի՞նչու երթալու ենք պատարագի, ի՞նչու հաւատարիմ մնալու ենք այս գեղեցիկ ջերմերանդութեան: Այսօր ես եւ դուն կրնանք նոյն հարցումը ուղղել Յիսուսին Էմմայոսի աշակերտներուն նման որոնք դարձան Յիսուսին հետ երկխօսներ, միջամտողներ: Սուրբ Պետրոսը կ'ըսէ թէ «Դուն քեզի մի հարցներ թէ ինչպէս եւ որքան կը չարչարուիս, այլ ինք՝ որքան չարչարուեցաւ ինծի համար եւ ինչպիսի մէկը քեզի համար դարձաւ եւ արդե՞օք կրցար արժեւորել իր սէրը...»: Ասոր առաւելութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի համեստութեան եւ բարութեան մէջ:

Այս պէտք է ըլլայ բոլորիս հարցականը թէ ի՞նչու կը բացակայիմ կամ կը կորսնցնեմ այս գեղեցիկ սովորութիւնը պատարագին մասնակցելու:

Աղօթենք որպէսզի սրտիս մէջ գտնուող հարցումները չըլլան առիթ մը յուսահատութեան եւ ծուլութեան, այլ շնորհք մը իմ աչքերս եւ խելքս բանալու եւ հասկնալու կարեւորութիւնը եւ մեծութիւնը այս շնորհքին որուն միջոցաւ կը մտնեմ յաճախ Քրիստոսի հետ սիրտ յարաբերութեան մէջ՝ իր զոհը նորոգելու ժամանակ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.