2015-04-14 14:10:00

Եկեղեցին հարստութիւններ թող չի դիզէ, այլ զանոնք թող տնտեսէ առատաձեռնութեամբ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 14 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած առաւօտեան Սուրբ Պատարագին՝ քարոզեց ներդաշնակութեան, համերաշխութեան, նիւթական բարիքներու եւ համբերութեան մասին։ Օրուան սուրբ գրային ընթերցուածները Գործք Առաքելոցէն եւ Յովհաննէսի Աւետարանէն՝ կը պատմեն առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան եւ Նիկոդեմոսի Յիսուսի տուած այցելութեան մասին։

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց երկու կէտեր, որոնք “համայնքի վերածնունդի” նշաններն են։ Առաջինը՝ “ներդաշնակութիւնն” է։ “Վերածնած համայնքը կամ անոնք, որոնք կը վերածնին Սուրբ Հոգիով՝ ունին միութեան եւ ներդաշնակութեան հոգին։ Միայն Սուրբ Հոգին կրնայ մեզի տալ ներդաշնակութիւնը, որովհետեւ ան է ներդաշնակութիւնը Հօր եւ Որդւոյն միջեւ, ան՝ այն պարգեւն է, որ կը ներգործէ ներդաշնակութիւնը։ Երկրորդ նշանը հասարակաց բարիքն է, այսինքն՝ ինչպէս Գործք Առաքելոցի մէջ կը կարդանք ’Անոնց մէջ ոչ ոք բանի մը կարօտ էր։ Անոնցմէ ոչ մէկը կ’ըսէր, թէ իր ինչքերը իրեն կը պատկանին, այլ ամէն ինչ անոնց համար հասարակաց էր։’” (Գործք Դ. 32-34) Հարուստները համայնքի ծառայութեան տրամադրած էին իրենց ինչքերը։

Սրբազան Պապը նշեց սակայն, որ համայնքին մէջ դիւրաւ կը մտնեն դժուարութիւններ՝ ինչպէս էր Անանիայի եւ Սափիրայի պարագան, որոնք կեղծիքով կը մօտենային հասարակութեան։ (Գործք Ե.) Ասոնք այն բարերարներն են, որոնք եկեղեցւոյ կը մօտենան, ներս կը թափանցեն՝ անոր օգնելու համար, եւ կ’օգտագործեն եկեղեցին անհատական շահերու համար։ Կան նաեւ հալածանքները, որոնց մասին Յիսուս կը խօսի երանութիւններու շարքին մէջ՝ “երանի ձեզի՝ երբ ձեզ կը նախատեն ու կը հալածեն իմ պատճառովս … Ցնծացէ´ք (Մտթ Ե. 11-12)

Քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունէր աղքատութիւն, կային հասարակաց բարիքներ, գոյութիւն ունէին սակայն նաեւ խնդիրներ՝ ներսէն եւ դուրսէն։ Սուրբ Հոգիով վերածնած հասարակութիւնը կը մաքրագործուէր “դժուարութիւներու եւ հալածանքներու մէջ։” Արդ՝ վրածնած հասարակութեան մը ուրիշ մէկ նշանն է համբերութիւնը։ Համբերութիւն՝ տոկալու խնդիրներու, դժուարութիւններու, զրպարտութիւններու, հակառակութիւններու, հիւանդութիւններու, ցաւի եւ սիրելիի մը կորուստին։

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակեց ըսելով թէ՝ “Սուրբ Հոգիով վերածնած հասարակութիւն մը կը փնտռէ ներդաշնակութիւն եւ ոչ պառակտում, կը փնտռէ աղքատութիւն՝ եւ ոչ հարստութիւններու կուտակում՝ որովհետեւ նիւթական հարստութիւնը ծառայութեան համար է, չի բարկանար դժուարութեան դիմած եւ նախատուած չի զգար՝ այլ համբերատար է՝ ինչպէս Յիսուս։

Սուրբ Զատկուան այս երկրորդ շաբթուան մէջ, ուր կը կատարենք զատկական խորհուրդները՝ լաւ կ’ըլլայ, որ մտածենք մեր հասարակութիւններու մասին, ըլլան անոնք թեմեր, ժողովրդապետութիւններ կամ ըտանիքներ։ Խնդրենք ներդաշնակութեան շնորհքը, որ առաւել է քան միութիւնը։ Խնդրենք աղքատութեան շնորհքը՝ ոչ թշուառութեան՝ այլ աղքատութեան։ Խնդրենք համբերութեան շնորհքը։

Սրբազան Քահանայապետը փակեց խօսքը ըսելով՝ “Թող Տէրը մեզի շնորհքը տայ հասկնալու՝ որ ոչ միայն մեզմէ իւրաքանչիւրը ստացած է այս շնորհքը Մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդով, այլ նաեւ մեր հասարակութիւնները։”








All the contents on this site are copyrighted ©.