2015-04-14 09:41:00

Արեւելեան եկեղեցիներու Հոգեւոր Հայրեր կոչ կ՛ուղղեն նախագահի ընտրութեան


Արեւելեան եկեղեցիներուն մօտ Ս. Յարութեան տօնին առիթով նախագահի ընտրութեան հրամայականը առանցքը կազմեց օրուան քարոզներուն եւ կեցուածքներուն:

Այս առիթով Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` իրենք զիրենք «արգելափակելու» խորհրդարանին մէջ, մինչեւ նախագահի ընտրութեան իրագործումը:

Նմանապէս, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Կրեկորիոս Գ. Լահհամ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան հարցի լուծման: Միւս կողմէ, Լահհամ պատրիարք յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք` Եոհաննա Ժ. Եազիճիի եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք` Մար Աֆրամ Քերիմի հետ միացեալ հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեցին վերջ տալու Սուրիոյ, յատկապէս` Հալէպի դէմ ռմբակոծումներուն:

«Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը շրջանի խաղաղութեան մուտքն է», ընդգծեց Լահհամ պատրիարքը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.