2015-04-13 14:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապը մարդկութեան խղճին անունով պատգամեց՝«Պէտք է բուժենք բոլոր վէրքերը»


12  ապրիլ 2015-ը   ոսկի տառերով գրուեցաւ մեր  ժողովուրդի պատմութեան  մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան     զոհերու յիշատակին Հռոմի Ֆրանչիսկոս  Պապին կողմէ      մատուցուած   պատարագին մասին դեռ երկար  պիտի խօսուի:   Քրիստոնէութեան  հաւատքին  վէմը դարձած  Պետրոս առաքեալի  մասունքներուն  վրայ    հիմնադրուած  տաճարին մէջ  տեղի ունեցած պատարագը   ի մի խմբեց   ամբողջ Հայ ժողովուրդը իր տարբեր թեւերով եւ երանգներով:  Կարեւոր էր նաեւ   Պապին արտասանած պատգամը  ու անոր խօսքը ուժանակի պայթումի մը պէս    լսելի կը դառնար աշխարհի չորս  կողմը:  Եւրոպական առաջատար  թերթերը իրենց կայքերուն  մէջ    կարեւոր տեղ կուտային լուրին իսկ  Ֆրանսական  AFP –ն հաւանական կը նկատէր,  որ  Վատիկան-  Թուրքիա  դիւանգիտական յարաբերութիւնները լարուին: Այստեղ պէտք է յիշեցնել,  որ առաջին անգամը չէր, որ Հռոմի քահանայապետ մը   կը խօսէր   Հայոց ցեղասպանութեան  խնդրին մասին: Պէտք է նաեւ  կարեւորել    հայ եկեղեցւոյ երանաւէտ հայրերէն ՝    Սուրբ Գրիգոր  Նարեկացիի    Տիեզերական    եկեղեցւոյ        Դոկտոր   կոչումին արժանանալը:   Այս բոլորը զուգադիպութեան մը արդիւնքը չեն:    Անցնող  տարիներուն   միջին արեւելքի   մէջ  արձանագրուող զարգացումները եւ  Սուրիոյ ու Իրաքի  տարբեր շրջաններուն մէջ   Քրիստոնեայ  փոքրամասնութիւներուն    կրած   տառապանքները  դարձած են   Վատիկանի       մտահոգութեանց  գլխաւոր կիզակէտը:  Այս ընդհաուր պարունակին մէջ  պէտք է դիտարկել Պապական աթոռին գործողութիւնները:

  Ֆրանչիսկոս Պապի     Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ըրած յայտարարութիւնէն անմիջապէս ետք Թուրքիա հակադարձեց:       Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն   իր մօտ կը կանչէր  Անգարայի մօտ Վատիկանի     դեսպանը:  Աւելի ուշ    թուրքիոյ ԱԳՆ  բաւական խիստ յայտարարութիւն մը կատարելով նաեւ տուն կանչեց Վատիկանի մօտ իր դեսպանը:  Թրքական լրատուական միջոցներ  նաեւ կը խօսին, որ  երկրի քաղաքական վերնախաւին մօտ  բաւական տհաճ մթնոլորտ մը կը տիրէ, եւ կ'ըսուի որ Պապին կատարած յայտարարութիւնը անսպասելի էր: Չմոռնամ ըսելու, որ Հռոմի Պապը  2014-ին    այցելութիւն տուած էր Անգարա եւ բաւական ջերմ  ընդունելութեան արժանացած   թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ նախագահ Էրտողանին կողմէ:

  Վատիկանեան պատարագի աւարտին  Հռոմի Պապէն զատ նոյնպէս ուղերձներ յղեցինՀայ եկեղեցւոյ   զոյգ կաթողիկոսները ինչպէս նաեւ  Հայ Կաթողիկէ  կաթողիկոս Պատրիարքը:   Գարեգին Բ.ն   Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը  իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնելէ  բացի   նշեց, որ  քրիստոնէութիւնը  հայ ժողովուրդին համար   հանդերձանք չէ  այլ  դարձած է անոր էութեան կարեւոր մասնիկը:  Գարեգին Բ.ն վեհափառ  հայրապետը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Վատիկան     Ցեղասպանութեան թեմային հետ կապ ունեցող բոլոր արխիւները կը բանայ հանրութեան առջեւ: Իր կարգին Արամ Ա.  վեհափառ հայրապետը       կարեւորեց  Հռոմի  Պէնէտիքթոս  15 -րդ Պապին Օսմանեան իշխանութիւններուն յղած խստաոճ  բողոքի նամակը       Ա.  աշխարահմարտի օրերուն, որուն միջոցաւ Հռոմի  Պապը արագօրէն կը պահանջէր վերջ տալ սպանդներուն: Արամ  Ա. Վեհափառ    նաեւ ըսաւ, որ անարդարութիւնը Աստծոյ  դէմ ուղղուած քայլ է եւ  հաստատեց, որ   Ցեղասպանութեան փաստը անկարելի է թաքցնել: 

 

Վատիկանի խօսքը  աշխարհի   1.3  միլիառ  Կաթողիկէ քրիստոնաներուն  համար  յաճախ  շատ աւելի կարեւոր է   քան  իրենց   սեփական ղեկավարներուն    ցանկացած պատգամը:  Ու   Պապի կատարած յայտարարութիւնը պէտք է նաեւ անպայմանօրէն այս  պրիսմակով դիտել:  Յառաջիկայ օրերը շատ կարեւոր են, այն իմաստով, որ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու   հանրային կարծիքը կրնայ  բարձրաձայն քննարկել Հայոց  ցեղասպանութեան օրակարգը: Պէտք է հաւատալ նաեւ, որ Վատիկանի  յղած պատգամը շատ  աւելի ազդու , անկեղծ եւ անմիջական է  քան որեւէ  այլ ամպիոնէ   արձակուած կոչ կամ ճանաչում: Հռոմի պապը   լալէն եւ  սուգէն հրաժարելու կոչ ըրաւ: Ան խօսեցաւ մարդկութեան վէրքերուն մասին եւ  այդ վէրքերուն  մէջ  տեղադրեց  հայ  ժողովուրդի  վէրքը: Խօսեցաւ վէրքերու բուժման  կարեւորութեան մասին եւ   յայտնեց, որ    բուժման արժանի վէրքը  կը թարախակալուի  եթէ  վերջնական բուժումի չարժանանայ:  Պապին  համար   քրիստոնեայ ըմբռնումներով ապրողը  պէտք է  մինչեւ ծայր պայքարի չարին դէմ:  Այս պատգամներուն մէջ  պէտք է նաեւ նկատել միջին արեւելի Քրիստոնեաներուն պահպանման խնդրին  կարեւորութիւնը:    Արեւելքի ղեկավարները,    ոչ ծայարյեղ Իսլամները նաեւ   կարեւոր ընելիք ունին այս գործընաթցներուն մէջ ու անոնք  եւս պէտք է լսեն Պապին խօսքը:

 Թուրքիոյ մէջ կատարուող  զարգացումները կը խօսին Պապի խօսքին ուժանականութեան  մասին:   Պաշտօնական Անգարա   այս  հանգրուանին   չի պատրաստուիր իր լեզուն  կամ  ռազմավարութիւնը փոխել  բայց եւ այնպէս   այս անսպասելի «դիւանագիտական ապտակ»ը կրնայ   թուրքիոյ  ղեկավարութեան  համար նոր  մտորումներու առիթ  հանդիսանալ:    Վատիկան  յանուն ճշմարտութեան արձագանքեց եւ  անոր կատարած  քայլը միայն Հայութեան եւ Հայաստանի շահերուն  համար չէ այլ յանուն ճշմարիտին, յանուն արդարին եւ յանուն մարդկութեան վէրքերուն բուժման:

Վատիկան  շարժեցաւ  խիզախօրէն  առանց մտածելու   դէպքին հետեւանքներուն մասին: Այս պահուն դիւանգիտական   պայթումը գտաւ իր արձագանքները եւ  դեսպան քաշել կամ չքաշելու խնդիրը  այդքան  ալ կարեւոր չէ:

Կը մնայ սպասել  յառաջիկայ օրերուն զարգացումները  գիտնալով նաեւ, որ Վատիկանի  քաջ հովիւը քաղաքական      առեւտուրի օրէնքներով  շարժող մէկը չէ:  Ան ճշմարտութեան  ձայնն է:  Մարդկութեան  ամէնէն վեհ  ձայներէն մէկը: Անոր  խօսքին  արձագանքը   աւելի   խորքային շերտերու   հասնելու  ներուժ ունի:

 «Եւրոպայի   խիղճը , այսօրուան մարդկութեան խիղճը արտասանեց այն ինչ որ կուզէինք լսել: Մեր սրտերը վիրաւոր են:  Մեզի համար  կարեւոր էր նաեւ, որ  Ֆրանչիսկոս  Սրբազան քահանայապետը   ուզեց մեր ժողովուրդի կողքը ըլլալ:  Այս էր պատասխանը      եւ այդ օր  այն, որիր խղճին վրայ  մեղք մը ունէր  տառապեցաւ»   այսպէս նշեց  Հ. Վարդան  վարդապետ Գազանճեան, որ   Վատիկանեան  մեծ իրադարձութեան յաջողութեան համար կարեւոր ներդրում ունեցողներէն է : Հայր Վարդան նաեւ ըսաւ, որ «Հայաստանի նախագահին եւ անոր պաշտօնական պատուիրակութեան   Սուրբ պատարագին ներկայ ըլլալը   իրադարձութիւնը ուղղակիօրէն  քաղաքական բեմահարթակ փոխադրեց:    «Մեղաւոր կողմը լաւ գիտէ, որ իր խիղճին վրայ քար մը կայ եւ գիտէ նաեւ , որ   յիշողութեան եւ իր   միջեւ վիհ մը  գոյութիւն ունի»:

 Կաթողիկէ վարդապետը  յոյս ունի, որ Հռոմի Պապին այս կեցուածքը քաջ եւ  կարեւոր կեցուածքներու  նոր հանգրուանի մը     սկիզբը կը հանդիսանայ : «Այս կեցուածքները նաեւ ուղղուած են   ոչ միայն թուրքին այլ այն ահաբեկիչներու  խղճին, որոնք տեսանելի  են այսօր   ու նաեւ անոնց, որ    այդ ահաբեկչութիւնները կը սնուցանեն  ամբողջ  աշխարհի մէջ» եզրակացուց   `Հ. Վարդան Վրդ.  Գազանճեան: 

 Սուրբ Պետրոսի տաճառը  կառուցուած է Պետրոս առաքեալի   աճիւններուն վրայ եւ հոն  Հայ ժողովուրդի միասնութիւնը նոր իմաստ ստացաւ: Կը մնայ, որ բոլորս արժէւորենք  Վատիկանեան  սրբազան օրուան  մեծ յաղթանակը:

  Սագօ Արեան  Հռոմ- Վատիկան








All the contents on this site are copyrighted ©.