2015-04-13 12:43:00

Հալէպի մէջ իրավիճակը կը մնայ վտանգուած


Հալէպի մէջ երէկ եւ այսօր առաւօտեան ռմբակոծութիւնները կը շարունակուին:

Այս մասին «Արմէնփրես»-­ին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը` աւելցնելով, որ ժողովուրդին մէջ անորոշութեան եւ վախի զգացում կը տիրէ:

Ռէիսեան նաեւ նշած է, որ առաջնորդարանի շէնքը քարուքանդ եղած է եւ՝ անգործածելի: Առաջնորդարանը մինչ այդ տեղափոխուած էր Սուլէյմանիէ թաղամասի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:

Զոհերուն մէջ հայեր չկան, սակայն քանի մը վիրաւորներ կան, որոնց մէջ` 11­ամեայ աղջնակ մը: Վիրաւորները բժիշկներու հսկողութեան տակ են, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

«Հոսանքը եւ ջուրը քաղաքին մէջ ընդհատումներով կու գայ, անկայուն վիճակ է»,­-նշեց Ռէիսեան:

Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան տեղեկացումով, Ապրիլ 11-­ին ահաբեկչական խմբաւորումները մեծ թիւով ռումբեր արձակած են Հալէպի Սուլէյմանիէ, Շէյհան, Սալահ ադ Տին բնակելի թաղամասերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են 19 խաղաղ բնակիչներ, որոնց մէջ` հինգ երեխայ, ինը կին, վիրաւորուած են աւելի քան 90 մարդ, որոնց մէջ` կանայք ու երեխաներ:

Հայաշատ Հալէպը 2012-ին ամռուընէ յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ զինուած խմբաւորումներու բախումներու թիրախին, եւ մինչեւ այսօր անոնք այնտեղ բախումները չեն դադարիր: ՄԱԿ-­ի տուեալներով` Սուրիոյ մէջ մօտ 4 տարի շարունակուող բախումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը անցած է 220 հազարը: Զոհուած հայերուն թիւը գերազանցած է 100-­ը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.