2015-04-13 12:56:00

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Հռոմի Պապի ելոյթին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած Է


Պաշտօնական Անգարան արձագանգած է Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի առնչութեամբ Հռոմի Ֆրանսիս պապի խօսքերուն եւ անոր կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառման:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, այս հարցով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութիւն տարածած է, ուր նշած է, թէ համայն կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդին խօսքերը «որեւէ աղերս չունին պատմական եւ իրաւական իրողութիւններու հետ»:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-­ն մեղադրած է Հռոմի պապը «կրած ցաւերուն միջեւ խտրականութիւն դնելու, ընտրողական մօտեցումով Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն զոհուած թուրք եւ իսլամ ժողովուրդներու կրած ցաւերը անտեսելով` միայն քրիտոնեաներու եւ, մասնաւորապէս, հայերու ցաւերը առաջ քաշելուն մէջ»: Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ Վատիկանը կը մեղադրեն «մատուցուած պատարագին ժամանակ պատմութիւնը քաղաքական գործիք դարձնելուն» մէջ:

«Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացութիւն է: Հռոմի Ֆրանսիս պապը իր խօսքին մէջ Պսնիոյ եւ Ռուանտայի` միջազգային դատարաններուն կողմէ որպէս «ցեղասպանութիւն» բնորոշուած ցաւալի դէպքերը որակած է որպէս «զանգուածային կոտորած», իսկ դատական որեւէ որոշում չունեցող 1915 թուականի դէպքերը` ցեղասպանութիւն: Այս հակասութիւնը արդարութեան եւ բարոյականութեան հասկացութիւններով մեկնաբանելը անհնար է»,-­կը  նշուի յայտարարութեան մէջ:

ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ իրենք կը մերժեն Հռոմի պապի նման դիրքորոշումը եւ կը համարեն զայն «խտրականութիւն պարունակող եւ կողմնակալ»: Պաշտօնական Անգարան յայտնած է նաեւ, որ այս մասին իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են Թուրքիոյ մէջ Վատիկանի դեսպանին եւ քննարկումներու համար Սուրբ Աթոռէն ետ կանչած են նաեւ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմեթ Փաչաջըն:

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 12-­ին Վատիկանի մէջ կայացած պատմական պատարագի ժամանակ Հռոմի պապը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի: «Սիրելի հայ եղբարներ եւ քոյրեր, տարբեր առիթներով սահմանած եմ, որ կ՛ապրինք պատերազմի ժամանակաշրջան, որովհետեւ ներկայ ենք աւերածութիւններու խենթութեան, որոնք ցաւօք այսօր կը շարունակուին: Մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելութեան համար դաժանօրէն կը սպանուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, կենդանի կ՛այրուին կամ բռնի կերպով կը տեղահանուին: Այսօր եւս, ցաւօք , դեռ կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է»,-­ ըսած է Հռոմի պապը:








All the contents on this site are copyrighted ©.