2015-04-12 11:23:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնի խօսքը հայ հաւատացեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 12 ապրիլ 2015-ին, Հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներու նուիրուած`Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցող սրբազան արարողութեան սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հայ ուխտաւորներուն որուն մէջ ըսաւ.

Զանազան առիթներով, ներկայ ժամանակաշրջանը սահմանեցի` պատերազմի ժամանակ, ''մաս - մաս տեղի ունեցած համաշխարհային երրորդ պատերազմ,  ուր առօրեային մէջ ականատես ենք կատաղի ոճիրներու, արիւնալի ջարդերու ու անմիտ կործանումներու։ Դժբախտաբար, այսօր եւս կը լսենք հեղձամահ ճիչը բազմաթիւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք իրենց քրիստոնէական հաւատքին կամ ցեղային պատկանելիութեան համար, հրապարակաւ անգութօրէն կը սպաննուին -  գլխատուած, խաչուած, ողջակիզուած - եւ կամ պարտադրուած տեղահանութեան։

Այսօր եւս կ'ապրինք ցեղասպանութեան այլ իրողութիւն մը, պատճառուած ընդհանուր եւ հանրային անտարբերութեան հետեւանքով, Կայէնի մեղսակից  լռութեամբ որ կ՛աղաղակէ. ''Իմ հոգս չէ, միթէ ես ե՞մ պահակը իմ եղբօրս''։

Մեր մարդկութիւնը` անցեալ դարուն ապրեցաւ երեք մեծ ու անիմանալի ողբերգութիւններ. առաջինը` այն որ ընդհանրապէս կը կոչուի որպէս ''Ի դարու առաջին ցեղասպանութիւնը (Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Գարեգին Ա համաձայնագիր­, 27 սեպտեմբեր 2001).  անիկա հարուածեց հայ ժողովուրդը, առաջին քրիստոնեայ ազգը,  կաթողիկէ եւ օրթոտոքս ասորիներու, քաղտէացիներու ու յոյներու հետ միասին։ Սպաննուեցան եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, կիներ ու այրեր, ծերեր եւ նոյնիսկ մանուկներ ու անպաշտպան հիւանդներ։ Այլ երկու ցեղասպանութիւնները գործադրուեցան նացիութենէն եւ սթալինութենէն։ Եւ վերջերս այլ զանգուածային սպանդներ կատարուեցան Գամպոճիայի, Ռուանտայի, Պուրունտիի եւ Պոզնիայի մէջ։ Եւ սակայն կը թուի որ մարդկութիւնը ի վիճակի չէ դադրեցնելու անմեղներու արիւնահոսութիւնը։ Կը թուի թէ Բ. աշխարհամարտի վերջաւորութեան յայտնուած խանդավառութիւնը հետզհետէ կ' անհետանայ եւ նսեմանայ։ Կը թուի որ մարդկային ցեղը կը մերժէ դաս առնել սարսափի օրէնքին պատճառած իր սխալներէն, եւ այսպէս այսօր եւս ոմանք կ՛աշխատին բնաջնջել իրենց նմանները, ուրիշներու օգնութեամբ եւ ուրիշներու լրութեան մեղսակցութեամբ, ու կը մնան լոկ հանդիսատեսներ։ Տակաւին չսորվեցանք որ ''պատերազմը խենդութիւն մըն է, անօգուտ ջարդ մը։

Սիրեցեալ հայ հաւատացեալներ, այսօր կը յիշենք ցաւէն խոցուած սրտով, սակայն Յարուցեալ Տիրոջ լի յոյսով, հարիւրամեակը այդ ողբալի դէպքին, այդ զարհուրելի ու անմիտ կոտորածին, որ ձեր նախնիքները դաժանօրէն կրեցին։ Զանոնք Յիշելը հարկաւոր է, մանաւանդ թէ, այլապէս պարտադրութիւն, որովհետեւ հոն ուր բացակայ է յիշողութիւնը, կը նշանակէ որ չարը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը, ծածկել կամ ուրանալ չարը` կը նմանի թողուլ որ անդարման վէրքը շարունակէ արիւնիլ առանց զայն խնամելու։

Գորովով ձեզ կ'ողջունեմ եւ շնորհակալ եմ ձեր վկայութեան համար։

Կ'ողջունեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ներկայութեան համար։

Սրտանց կ'ողջունեմ իմ եղբայր պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները։ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ, Գերագոյն պատրիարք ու կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Գերերջանիկ  Ներսէս  Պետրոս ԺԹ` Կիլիկիոյ պատրիարքը կաթողիկէ Հայոց, երկու Կաթողիկոսութիւնները Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ ու Պատրիարքութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Հաստատ ապահովութեամբ կ'ըսենք որ չարը բնաւ Աստուծմէ չի գար, Ան անհունօրէն Բարի է, եւ հաւատքի մէջ ամրապնդուած , դաւանինք որ անգթութիւնը բնաւ կարելի չէ վերագրել Աստուծոյ ներգործութեան եւ, աւելին` բացարձակապէս իր Սուրբ Անուան մէջ ոչ մէկ արդարացում կարող է գտնել։ Միասնաբար ապրինք այս Ծիսակատարութիւնը մեր հայեացքը սեւեռելով Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի վրայ, Յաղթողը մահուան ու չարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.