2015-04-12 08:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը “Աստուածային Ողորմութեան Կիրակիի” նախօրեակի երեկոյեան


Շաբաթ, 2015ի ապրիլի 11ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նախագահեց “Աստուածային Ողորմութեան Կիրակիի” նախօրեակի երեկոյեան ժամերգութեան եւ ուղղեց իր քարոզը։

 

Եղբայրներ եւ Քոյրեր

Մեր բոլորիս ականջին մէջ կը հնչէ յարուցեալ Քրիստոսի ողջոյնը, ուղղուած իր աշակերտներուն՝ Զատիկի տօնի երեկոյեան - “խաղաղութիւն ընդ ձեզ” (Յովհ Ի. 19) Մասնաւորապէս այս շաբաթներուն՝ խաղաղութիւնը կը մնայ լոկ փափաքը բազմաթիւ ժողովուրդներու, որոնք անլուր բռնութեան, խտրականութեան եւ մահուան ենթարկուած են, պարզապէս այն պատճառով՝ որ անոնք քրիստոնեայ անունը կը կրեն։ Ասոր համար մեր աղօթքը աւելի կ’արծարծուի եւ կը վերածուի աղաղակի մը ուղղուած Հօր Աստուծոյ, որ լի է ողորմութեամբ՝ որպէսզի ան շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերու հաւատքը զօրացնէ։ Միաժամանակ կը խնդրենք՝ որ Ան մեր սրտերը բարեփոխէ, որպէսզի անոնք փոխակերպուին անտարբերութենէ՝ կարեկցութեան։

Սուրբ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք Տէր Յիսուսի մահուան եւ յարութեան խորհուրդով փրկուեցանք։ Ան է հաշտարարը, որ մեր մէջ կ’ապրի, որպէսզի շնորհէ հաշտութիւն Աստուծոյ հետ, եւ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Առաքեալը կը յիշեցնէ, որ հակառակ կեանքի մէջ մեր կրած դժուարութիւններուն եւ տառապանքներուն, փրկութեան յոյսը, որ Քրիստոսի սէրը մեր սրտերուն մէջ սերմանած է՝ կ’աճի։ Աստուծոյ ողորմութիւնը մեր մէջ զեղած է, մեզ կը դարձնէ արդար եւ մեզի խաղաղութիւն կը շնորհէ։

Հարց մը կայ, որ շատերու սրտերը կը յուզէ։ Ինչու համար այսօր կը կատարենք ողորմութեան յոբելեանը։ Պարզ է, որովհետեւ Եկեղեցին դարաշրջանային մեծութեամբ փոփոխութիւններ կը կրէ այս ժամանակներուն մէջ, կոչուած է ներկայի նշանները եւ Աստուծոյ մօտիկութիւնը առաւել կերպով մատուցանելու։

Այս ժամանակին մէջ մեր հայեացքը պէտք չէ վրիպի, այլ մանաւանդ արթուն պէտք է ըլլանք եւ մեր մէջ էականին սեւեռելու կարողութիւնը վերարթնացնելու։ Ժամանկն է եկեղեցւոյ համար, վերագնտնելու իմաստը եւ պատուէրը, որ Տէրը Զատիտին օրը անոր վստահեցաւ՝ ըլլալու նշան եւ գործիք Հօր Ողորմութեան (Հմմտ. Յովհ Ի. 21-23)։ Ասոր համար Սուրբ Տարին պէտք է կենդանի պահէ փափաքը՝ քնքշութեան շատ մը նշաննները ըմբռնելու, որ Աստուած բոլոր աշխարհին կը հրամցնէ, մասնաւորապէս անոնց, որոնք տառապանքի մէջ են, առանցին են եւ լքուած եւ առանց յոյսի՝ Հօրմէ ներում գտնելու եւ ճանչնալու որ ան մեզ կը սիրէ։ Սուրբ տարի մը, մեզի ուրախութիւնը աւելի խոր կերպով զգալ տալու, որ Քրիստոս մեզ վերագտաւ, որ իբր բարի հովիւ եկած է, մեզ փնտռելու, որովհետեւ մոլորած էինք։ Յոբելեան մը, իր սիրոյ ջերմութիւնը զգալու, երբ ան մեզ իր ուսերուն վրայ կ’առնէ, մեզ Հօր տունը վերադարձնելու համար։ Տարի մը, ուր Յիսուսի ձեռքը կը զգանք եւ իր ողորմութիւնը մեզ կը փոխակերպէ, որպէսզի մենք ալ ողորմութեան վկաներն ըլլանք։ Ահա այս է այս Յոբելեանի պատճառը, որովհետեւ այս ողորմութեան ժամանակն է։ Բարի ժամանակ մըն է վէրքերը բուժելու, չհոգնելու, հանդիպելու անոնց, որոնք կը սպասեն տեսնելու Տիրոջ մօտիկութեան նշանները եւ ձեռքով մատջելու, որպէսզի բոլորին ներումի եւ հաշտութեան ճանապարհը հրամցնելու։

Մարիամ, ասուածային ողորմութեան մայրը՝ բանայ մեր աչքերը, որպէսզի հասկնանք պարտականութիւնը, որուն կչուած ենք։ Եւ մեր մէջ ներգործէ շնորհքը՝ այս Ողորմութեան Յոբելեանը հաւատարիմ եւ պտղաբեր վկայութեամբ ապրելու։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.