2015-04-11 11:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը՝ Փանամայի Նախագահին


Շաբաթ, 11 ապրիլին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին՝ Փանամայի Նախագահ Խուան Քարլոս Վալերա Րոտրիկէզի փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ Ամերիկաներու եօթներորդ վեհաժողովին առիթով։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ, որ իր ողջոյնները փոխանցուին վեհաժողովի բոլոր մասնակիցներուն, աղօթելով Աստուծոյ՝ որ անոնք վեհաժողովին մէջ հասնին համագործակցութեան յանձնառութիւններու՝ ըլլա´յ ազգային ըլլա´յ տարածաշրջանային մակարդակներու վրայ, բաժնելով հասարակաց արժէքներ եւ դիմագրաւեն հարցերը իրատեսութեամբ եւ յուսադրումով։

Վեհաժողովի նիւթը՝ “Բարգարաճում արդարութեամբ. Ամերիկաներու համագործակցութեան մարտահրաւէրները”, պատգամին մէջ կ’արժանանայ Սրբազան Քահանայապետի միաձայնութեան։

Ըստ Սրբազան Քահանայապետին՝ անհաւասարութիւնը եւ հարստութիւններու անարդար բաժանումը՝ աղբիւրն է ժողովուրդներու միջեւ կատարուած հակամարտութիւններու եւ բռնութեան, ուր՝ ոմանց յառաջադիմութիւնը կը կայանայ ուրիշներու պարտադրուած զոհողութեան վրայ, որոնք արժանավայել կեանք մը վարելու նպատակով, պայքար կը մղեն այլ մարդոց դէմ։

Այս նիւթերը արծածելէ ետք՝ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք կը յղէ, որ եկեղեցին ըլլայ խաղաղութեան գործիք ժողովուրդներու միջեւ։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.