2015-04-11 12:09:00

Սարգսեան. «պատասխանատու ենք բոլորին առջեւ, որոնք վտանգուած են նոյնիսկ մեր օրերուն»


«2015 թուականը իւրայատուկ է հայութեան համար: Կը լրանայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակը», յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` Իտալիա այցելութեան ծիրին մէջ  իտալացի խորհրդարանականներու հետ ընթրիքի ժամանակ խօսք առնելով:

«Ատիկա առաջին, բայց ցաւօք, ոչ վերջին ցեղասպանութիւնն էր, որ հող նախապատրաստեց մարդկութեան դէմ գործուելիք հետագայ յանցագործութիւններուն համար` Ողջակիզում, Ռուանտա, Քամպոտիա, Սուտան…»,  ըսած է նախագահը:

«Միայն քանի մը օրէն` 24 ապրիլին աշխարհի հայերը միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներուն հետ բարձրաձայն «ոչ» պիտի  ըսեն բոլոր ցեղասպանութիւններուն, եւ բազում եկեղեցիներու զանգեր պիտի ղօղանջեն Արժանթինէն մինչեւ Իտալիա, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Հայաստան: Այդ օրը քոյր եկեղեցիներու զանգերը յատկապէս բարձր պիտի  հնչեն, կամ գոնէ մեզի այդպէս պիտի թուի: Այո՛, մենք չենք կրնար փոխել անցեալը, բայց մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք կերտել նման յանցագործութիւններէ զերծ ապագայ: Մենք պարտաւորութիւն ունինք անոնց առջեւ, որոնք զոհ գացած են այդ արհաւիրքներուն եւ անոնց, որոնք  վերապրած են այդ սարսափներէն: Մենք պատասխանատու ենք այն բոլոր մարդոց առջեւ, որոնք վտանգուած են նոյնիսկ մեր օրերուն, 21-րդ դարուն», յայտարարած է նախագահը:

«Երբ անթոյլատրելին կը դառնայ թոյլատրելի, երբ անընդունելին կ՛ընդունուի միջազգային հանրութեան կողմէ` ծնունդ կ՛առնեն նոր բարբարոսներ: Այս օրերուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «Իսլամական պետութեան» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ քրիստոնեաներու նկատմամբ իրականացուող ոճրագործութիւնները հետեւանքն են ճիշդ այս անպատժելիութեան: Իբրեւ ներկայացուցիչ ազգի մը, որ հարիւր տարի շարունակ պայքար կը մղէ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան դէմ` կը հաւաստեմ, որ այդ յանցագործութիւնը արդիւնք չէ քրիստոնեայ եւ իսլամ, հրեայ եւ գերմանացի, հայ եւ թուրք, հութու եւ թութսի տարանջատման, այլ արդիւնք է այն պառակտումին, որ առկայ է համընդհանուր հիմնարար արժէքներ կրողներու եւ զանոնք ժխտողներու միջեւ»:

«Իտալիա, իբրեւ միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամ, նոյնպէս միացած է այս արհաւիրքին դէմ պայքարին: Խօսքս Իտալիոյ կողմէ ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին` Պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչման մասին է: Բարձր կը գնահատենք, որ առանձին իտալական քաղաքներ եւ նահանգներ` Հռոմ, Միլան, Վենետիկ, Ֆլորանս, իսկ այս մարտին նաեւ Թոսքանա, նոյնպէս ճանչցած եւ դատապարտած են այս ծանրագոյն ոճրագործութիւնը: Վստահ ենք` Իտալիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրինագիծին ընդունումով մենք քայլ մը առաջ կը շարժինք այդ յանցագործութիւններուն դէմ պայքարին մէջ»,  ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է հայ – իտալական յարաբերութիւններուն, խորհրդարանական համագործակցութեան, Հայաստանի հրատապ հարցերուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն կապերուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.