2015-04-11 11:13:00

Կրօնաւորական կեանքը եւ սրբութիւնը


Սուրբ Պօղոս կը յորդորէ թեսաղոնիկէ հասարակութիւնը ըսելով. «եղբայրներ , ձեզի կ՛աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորուեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ալ աւելի յառաջանաք անոր մէջ: Վասնզի Աստուած կ՛ուզէ որ դուք Սուրբ ըլլաք, ետ գաք պոռնկութենէ. ձեզմէ ամէն մէկը թող գիտնայ իր մարմինը սրբութեամբ ու պատիւով պահել: (Ա.Թես 4:1-11)

         Սուրբ Թովմաս Ագուինացին կ՛ըսէ. « Անոնք որոնք սահմանուած են աստուածային պաշտօններու,( այսինքն կղերական դասը) նոյնիսկ գործով զգեցած են թագաւորական վեհութիւն մը եւ պէտք է կատարեալ ըլլան առաքինութիւններու մէջ:

         Մաշտոցի պաշտօնական աղօթքներուն մէջ, այն վայրկեանին երբ քահանայութեան կարգը կը փոխանցուի թեկնածուներուն, հետեւեալ խօսքերը կը հաղորդուին «Որովհետեւ քահանաները ընտրուած են Աստուծմէ որպէսզի ամէնուն օրինակ ընծայեն երկնային իմաստութեան, մաքուր բարքերու, ամէն բանի մէջ արդար գործելու եւ Աստուծոյ տասը պատուիրաններու գործածութեան եւ կարենան, Սուրբ Հոգիի ազդեցութեամբ եւ անոր եօթը պարգեւներով, փայլիլ ուղղութեամբ, հասունութեամբ իրենց խորհուրդներուն ու գործերուն: Որպէսզի պահելով իրենց բարքերուն մէջ լիութիւնը մաքուր ու սուրբ կեանքի մը, բոլորին ակնարկին ընծայեն պայծառ օրինակը արդարութեան»:

         Հետեւաբար քահանաները եւ կրօնաւորները ներքսապէս համոզուելու են թէ սրբութիւնը նախապայման է իրենց կոչման: Թէ սուրբ կարգերը առնելու համար չի բաւեր պարզապէս շնորհաց վիճակի մէջ գտնուիլ, այլ այդ շնորհքէն զատ ներքին կատարելութիւնը կը պահանջուի ձեռնադրութեան համար: Ասիկա միաձայն կարծիքն է բոլոր սուրբ Հայրերուն եւ վարդապետերուն:

         Եկեղեցին եւ Աստուած, սրբութեան ոչ մէկ աստիճան բաղդատելի կը դատեն քահանայական եւ կրոնաւորական սրբութեան, բացի անկէ երբ հոգի մը, իր մէջ կը պատկերացնէ Յիսուսի Քրիստոսի Մեծ Քահանային գործերը: Որովհետեւ քահանան դրուած է աշխարհի առջեւ ըլլալու կենդանի պատկերը Քրիստոսի թէ՛ նեղութիւններու եւ թէ՛ հակառակութիւններու մէջ, որոնք կու գան մարդոց կողմէ:

         Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք թէ Աստուած ինք սրբութեան մարմնացումն է: Մարգարէներն ու սաղմոսերգուները բազմիցս արտայայտած ըլլալով այս գաղափարը` սրբութիւնը կը նկատէին ոչ միայն Աստուծոյ էութիւնը յատկանշող ստորոգելիներէն մէկը, այլ նաեւ կը հրաւիրէին Աստուծոյ որդիները` ըլլալու սուրբ, ինչպէս էր Ան` Արարիչն արարածոց, որովհետեւ Աստուած կը կամենար բաժնել այդ սրբութիւնը իր արարածներուն հետ (Եբր. ԺԲ. 10):

         «Բայց եթէ Աստուած իր գերբնական էակի հանգամանքով որպէս բնազանցական գոյութիւն յաճախ մարդկային մտքի հասողութեան սահմաններէն վեր կը մնայ, Անոր էութեան, գործելու եղանակին թափանցելու, Անոր կարենալ երթալու համար ունինք շատ աւելի ուղիղ եւ ապահով ճանապարհ մը, որ կը կայանայ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի անձին եւ ուսուցումներուն լաւագոյնս ծանօթացման եւ կատարումին մէջ: Արդարեւ, չկայ աստուածային սրբութիւնը աւելի պերճախօսօրէն ցոլացնող պատկեր, զայն թանձրացեալ կերպով մարմնաւորող անձ, քան աւետարաններուն մէջ նկարագրուած մարդացած Աստուածորդին` Յիսուսը: Անոր տնօրինական օրերուն համապատկերն ու խօսքերուն հարազատ արձագանգները աւետարանի էջերէն, ոչ միայն կը բանան մեր հոգիի աչքերուն առջեւ սրբութիւնը, այլ նաեւ կը կանգնեն այն խորանը խորհրդասքօղ, ուր մարդիկ ու Աստուած կու գան իրարու քով եւ կը հաղորդակցին իրարու հետ»:

         Ինչպէ՞ս կարելի է այսօր իրագործել սրբութիւնը առօրեայ մեր կեանքին մէջ:

         Կ՛ապրինք լուսաւորեալ յորջորջուող ժամանակներու մէջ, երբ մեր շուրջ գտնուող ամէն ինչ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Ամէնէն շատ կը լսուի ձայնը անոնց, որոնք կը խօսին գիտութեան նուաճումներուն, մասնագիտութեանց կարեւորութեան եւ արդիականութեան պահանջներուն անունով: Դարերով պահպանուած ու փայփայուած մարդկային արժէքներու, ընտանեկան բարքերու եւ ազգային աւանդութեանց վրայ կը փչեն կործանարար հովեր: Բարոյական հասկացողութիւններ, կրօնական սրբութիւններ եւ համամարդկային իտէալներ կ՛ոտնակոխուին ու կ՛անարգուին ամէն օր, մարդկային իրաւանց կեղծ պիտակին տակ: Որո՞նք են ուրեմն Սուրբերը :

         Սուրբերը մեր ժամանակներու մէջ անոնք են, որոնք գիտեն հետաքրքրուիլ եւ մտահոգուիլ իրենց նմանին ցաւերով, վիշտերով ու դժբախտութիւններով. անոնք` որ օգնութեան ձեռք մը կ՛երկարեն որբին ու այրիին, գուրգուրոտ ու սիրազեղ սիրտ մը կը ցուցաբերեն ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս տառապողներուն:

         Այս երկրի վրայ սուրբերը անոնք են, որոնք կրնան հաճոյքով բաժին հանել իրենց ունեցած երջանկութենէն, խաղաղութենէն, մտքի եւ հոգիի լոյսէն` ամէն անոնց, որոնք զրկուած են այդ բոլորէն:









All the contents on this site are copyrighted ©.