2015-04-11 15:13:00

Գրիգոր Նարեկացիի Հաւատքը


Կիրակի, 2015, ապրիլի 12ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա. Վեհափառներու, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքի, բազմաթիւ հայ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու, յատուկ արարողութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին պիտի հռչակէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետի տիտղոսին կ’արժանանան այն սուրբերը, որոնք կարակռուն հաւատքով եւ Ս. Եկեղեցւոյ վարդապետական առաքելութեան իրենց բերած նպաստով մասնաւոր տեղ կը գրաւեն Եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իր հեղինակութիւններուն մէջ մեծ հմտութեամբ եւ խոր հոգեկանութեամբ կը դաւանի իր հաւատքը, որ մեր բոլորին հաւատքն է։ Ան մեզի կը բացայայտէ մեր հաւատքը եւ մեզի յորոդոր կու տայ այդ հաւատքին մէջ ամրապնդուելու. կը ներկայացնէ մեզի Ս. Գրքի եւ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ճշմարտութիւնները եւ կը բացայայտէ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան խորհուրդը եւ մարդկային տկարութեան խաւարը։

Այսօրուան մեր հաղորդումի բովանդակութիւնը առնուած է Ս. Գրիգոր Նարեկացիի “Բան վասն ուղիղ հաւատոյ եւ խրատ մաքուր վարուց առաքինութեան” հեղինակութենէն։

Հաւատքը ըստ Գրիգոր Նարեկացիի նախ՝ աստուածային շնորհք մըն է։ Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ՝ թէ Աստուած “պարգեւասէր եւ յոքնառատ բարերարութեամբ բոլորին առատօրէն կու տայ եւ չի նախատեր” խնդրանքները “եւ եթէ՝ կարօտեալներու մարմնական պէտքերը կը գոհացնէ Աստուած՝ որքա՞ն առաւել եւս հոգիներու բարիքներու աղքատութիւնը կը լիացնէ Ան, որովհետեւ հոգին առաջնահերթ է եւ աւելի պատուական քան մարմինը՝ որովհետեւ հոգին տիրոջ պատկերն է։”

Աստուծոյ շնորհքին ի պատասխան՝ հարկաւոր է հաւատացեալի արարքը։ Աստուած միշտ առատօրէն կու տայ շնորհքը, իսկ մարդը՝ ինչպէս Նարեկացի կը գրէ՝ “զգոյշ պէտք է ըլլայ՝ որ վարդապետուած ճշմարտութիւններուն գործով ընդառաջէ՝ ժիր եւ հաւատարիմ ծառային նման, որ արթնութեամբ իր տիրոջ կը սպասէր։”

Գրիգոր Նարեկացի այս յորդորներէն վերջ կը գրէ՝ “Եւ արդ սկսինք, այն տեղէն, որ արժանի է սկսիլ՝ հաւատքի ճշմարտութեան դաւանութեամբ, որ բոլոր բարիքներու հիմն է եւ արմատը։” Որովհետեւ՝ ինչպէս Նարեկացի կ’ըսէ, Պետրոս իր դաւանութեամբ կամ խոստովանութեամբ եղաւ հաստատուն եւ անշարժ վէմ, որուն վրայ եկեղեցին պիտի կառուցուի՝ այսինքն “համագոյ եւ զուգական Երրորդութեան բոլոր հաւատացեալները եւ խոստովանողները։” Կարեւոր է ծանրանալ Նարեկացիի այս բացատրութիւններուն վրայ։ Հաւատքի դաւանութիւնը՝ բոլոր բարիքներու հիմն է եւ արմատը։ Իսկ հաւատքի դաւանութիւնը միայն բեռնով չի կատարուիր այլ կեանքի վկայութեամբ։ Իսկ եկեղեցի՝ ըստ մեծն Գրիգոր Նարեկացիի, կը նշանակէ՝ Սուրբ Երրորդութեան բոլոր հաւատացողներու եւ խոստովանողներու միութիւնը։ Արդ՝ եկեղեցին միայն աղօթավայր կամ շէնք չէ ալյ մանաւանդ եւ առաւել եւս հաւատացողներու միութիւնը։

Ապա Նարեկացի իր գիրին մէջ կը շարունակէ Ամենասուրբ Երրորդութեան դաւանութեամբ ըսելով՝ “Եւ այս է ճշմարիտ հաւատքի դաւանութիւնը։ Հաւատալ Հօր Աստուծոյ, որ ճշմարիտ էութիւն է եւ կատարեալ գոյ. սկիզբ եւ պատճառ ամէն ինչի արարածներու արարչութեամբ։

Հաւատալ անոր Միածին Բանին, կերպարանք եւ ճառագայթ էութեան. ոչ կրտսեր քան Հայրը, թէեւ ծնեալ. սակայն այնքան որ Հայրը՝ Հայր է, նոյնքան Որդին՝ Որդի։ Եւ ինչպս որ Հայրը առանց որդիի հայրութիւն չունի, այնպէս ալ որդին առանց հօր որդի չէ։ Արդ՝ իւրաքանչիւրին յատկութիւնը փոխադարձ յարաբերութեան մէջ կը ճանչցուի։ Հաւատալ Սուրբ Հոգիին, բխումը Հօրմէ, անճառաբար, անբացատրելիօրէն։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.