2015-04-10 09:20:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Սլովաքիայի հանրապետութեան Նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ, Հինգշաբթի` 9 ապրիլ 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սլովաքիայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Անտրէյ Քիսքա որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան ենթաքարտուղար ` գերապայծառ Անթուան Քամիլլերի։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, որոնք յատկանշեցին Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիոյ հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման 25րդ յոբելեանը (19 ապրիլ 1990), շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Սլովաքիայի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները հիմնուած կնքուած համաձայնութիւններու վրայ եւ Եկեղեցւոյ ու Քաղաքական իշխանութիւններու միջեւ երկխօսութեան վրայ։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային մի քանի հարցերու շուրջ, աշխարհի զանազան վայրերը յուզող մարտահրաւէրներուն,  յատկապէս մերձաւոր Արեւելեան շրջանին ու մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.