2015-04-10 08:37:00

ֆրանչիսկոս Պապը Ս. Տարուան կոնդակը պիտի յանձնէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աշխարհի զանազան վայրերը ներկայացնող վեց եղեցականներուն պիտի յանձնէ Ողորմութեան Ս. Տարուան Կոնդակը, արարողութեան մը ընթացքին որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օրը` 11 Ապրիլ 2015-ի յետմիջօրէին,  ողորմութեան կիրակիի ճրագալոյցին (Նոր Կիրակի Հայոց մօտ)։

Քահանայապետական վաւերաթուղթը պիտի ընդունին բացի  Հռոմի 4 Պազիլիքաներու գահերէցներէն, նաեւ ` Ուելլէ, Ֆիլոնի եւ Սանտրի  կարդինալները` կառավարիչները եպիսկոպոսներու ժողովի, ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի ու Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի։ Կոնդակը պիտի ընդունին նաեւ` գերապայծառ Սավիօ Հոն Տայ Ֆայ`  ներկայացուցիչը համայն Արեւելքին, գերապայծառ  Պարթելեմի Ատուքոնու` ներկայացուցիչը Ափրիկեան ցամաքամասին եւ գերապայծառ Խալետ Աեատ Պիշայ`  Արեւելեան եկեղեցիներու ներկայացուցիչը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.