2015-04-09 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ուղերձը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց դասին


Հինգշաբթի, 9 ապրիլի կէսօրին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ուղղեց հետեւալ խօսքը։

“Ձեզ եղբայրաբար կ’ողջունեմ եւ ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս հանդիպումին համար, որ կը կանխէ Վատիկանի Մայր Տաճարին մէջ կիրակի օրուան մատուցուելիք պատարագը։ Մեր աղօթքները բարձրացնենք ձեր սիրելի ժողովուրդին զաւակներուն համար, որոնք հարիւր տարիներ առաջ զոհուեցան։ Կը հայցենք Աստուածային Ողորմութիւնը՝ որպէսզի մեզի բոլորիս օգնէ՝ սիրելու ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը, բուժելու ամէն վէրք եւ արագացնելու հաշտութեան եւ խաղաղութեան շօշափելի քայլեր՝ ազգերու միջեւ, որոնք տակաւին չեն յաջողիր հանգիլ տրամաբանելի համաձայնութեան՝ այսպիսի տխուր դէպքերու քննարկման մէջ։

Ձեր մէջ եւ ձեր միջոցաւ կ’ողջունեմ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանաները, կրօնաւորները եւ կրօնաւորուհիները, ժառանգաւորները եւ աշխարհական հաւատացեալները։ Գիտեմ՝ որ անոնցմէ շատեր այս օրերուն ձեզի կ’ընկերանան, եւ շատ աւելիներ հոգեպէս մեզի կը միանան սփիւռքի երկիրներէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Լատին Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն եւ Հայրենիքէն։ Տխրութեամբ կը մտածեմ յատկապէս այդ շրջաններու մասին՝ ինչպէս Հալէպի մասին, ուր հարիւր տարիներ առաջ՝ վերապրողները ապահով ծովափ մը գտած էին։ Այս վերջին ժամանակներուն՝ այսպիսի տարածաշրջաններ ապրեցան ոչ միայն հայերու այլ եւ բոլոր քրիստոնեաներու գոյատեւման վտանգը։

Ձեր ժողովուրդը, զոր աւանդութիւնը կը ճանչնայ իբր առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ՝ 301 թուականէն, ունի երկհազարամեայ պատմութիւն մը, ուր ան կը պահպանէ հոգեկանութեան եւ մշակոյթի ժառանգը՝ շատ մը հալածանքներու եւ փորձութիւններու ենթարկուելէ ետք՝ վերականգնելու կարողականութեամբ օժտուած։ Ձեզ կը հրաւիրեմ՝ տեւապէս մշակելու Տիրոջ հանդէպ գնահատանքի զգացումը՝ որ կարողացած էք պահել հաւատարմութիւնը Իրեն հանդէպ՝ նաեւ ամենէն դժուարին ժամանակաշրջաններու ընդմէջէն։ Հարկաւոր է նաեւ, խնդրել Աստուծմէ սրտի իմաստութեան շնորհքը։ Հարիւր տարիներ առաջ զոհուածներու յիշատակը մեզ կը դնէ “անօրէնութեան խորհրդաւոր ոյժի” (Բ. Թես Բ. 7) խաւարին դիմաց։

Ինչպէս Ս. Աւետարանը կ’ըսէ՝ մարդու սրտին խորքը կրնան շղթայազերծուիլ ամենէն մթին ոյժերը, կարող՝ մինչեւ իսկ յղանալու եղբօր ծրագրուած բնաջնջումը, նկատելու զայն իբր թշնամի, հակառակորդ, եւ կամ անհատ մը՝ զրկուած նոյնիսկ մարդկային արժանապատուութենէ։ Սակայն հաւատացեալներուն համար՝ մարդու կողմէ կատարուած չարիքի հարցադրումը՝ մեզի կը յայտնէ նաեւ փրկչագործական չարչարանքի խորհուրդին մասնակցութիւնը։ Հայ ազգի ոչ սակաւ զաւակներ կարողացան հռչակել Քրիստոսի անունը՝ մինչեւ իրենց արեան հեղումը եւ կամ մինչեւ մահ, որ կրեցին՝ ենթարկուելով անվերջ տեղահանութեան եւ աքսորքի։

Ձեր ժողովուրդի տառապանքներու էջերը կը շարունակեն, որոշ առումով, Քրիստոսի չարչարանքները։ Սակայն՝ իւրաքանչիւր չարչարանքի մէջ դրուած է Յարութեան ընձիւղը։ Ձեր՝ Հովիւներու պարտականութիւնն է՝ դաստիարակել աշխարհական հաւատացեալները՝ տեսնելու իրականութիւնը նոր աչքերով, եւ ամէն օր կրկնելու՝ իմ ժողովուրդս ոչ թէ միայն չարչարուած է Քրիստոսի հետ, այլ մանաւանդ՝ յարուցեալ է Անոր հետ։ Ասոր համար հարկաւոր է անցեալի յիշատակը պահել, որպէսզի անկէ դուրս բերենք ներկան սնուցանող աւիշը՝ Ս. Աւետարանի քարոզութեամբ եւ սիրոյ վկայութեամբ։ Ձեզ կը քաջալերեմ նեցուկ կանգնիլ քահանաներու եւ կրօնաւորներու մշտական կազմաւորման ուղիին։ Անոնք ձեր անմիջական գործակիցներն են։ Անոնց եւ ձեր միջեւ կատարուած հաղորդակցութիւնը պիտի ամրապնդուի օրինակելի եղբայրական հոգէն, զոր անոնք կը կարողանան նշմարել Սիւնհոդոսի մէջ եւ Պատրիարքին հետ։

Մեր գնահատական խորհրդածութիւնը այս պահուն կ’երթայ անոնց, որոնք ճիգ թափեցին ձեր նախահայրերու ողբերգութեան սփոփանք մը շնորհելու։ Կը մտածեմ յատկապէս Բենեդիկտոս ԺԵ. Քահանայապետի մասին, որ կը միջամտէր Մեհմեդ Ե. Սուլթանի մօտ՝ դադրեցնելու համար հայերու սպանդը։ Այդ քահանայապետը Արեւելքի քրիստոնէութեան մեծ բարեկամ եղած է։ Ան հիմնած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը եւ Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանը, եւ 1920ին հռչակած է Ս. Եփրեմ Ասորին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Ուրախ եմ՝ որ այս մեր հանդիպումը կ’իյնա կիրակի օրուան համապատասխան արարողութեան նախօրեակին, ուր ուրախութիւնը պիտի ունենամ Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակելու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Անոր բարեխօսութեան կը վստահիմ յատկապէս համամիութեանական երկխօսութիւնը՝ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու միջեւ, յիշելով այն պարագան՝ որ հարիւր տարիներ առաջ՝ ինչպէս այսօր՝ մարտիրոսութիւնը եւ հալածանքը իրականացան “Արեան Համամիութենականութեան” մէջ։ Կը հայցեմ ձեր վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը, եւ կը խնդրեմ ձեզմէ չմոռնալ աղօթել ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.