2015-04-09 10:02:00

Սարգսեան Պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիա հասաւ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան չորեքշաբթի, 8 ապրիլին,  երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ  հասաւ Իտալիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ  երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:

Այցելութեան ծիրին մէջ, Սարգսեան պիտի  այցելէ Վիթթորիանօ թանգարանային համալիր, ուր պիտի դիտէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  նուիրուած «Հայաստան. Տապանի ժողովուրդ» ցուցահանդէսը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  Սարգսեան 11 ապրիլին ներկայ պիտի գտնուի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ կարտինալ Սեպէի կողմէ մատուցուելիք եկեղեցական արարողութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի` Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակ խաչքարին բացման եւ օծման արարողութեան:

Իտալիոյ մէջ նախատեսուած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ:

Հանրապետութեան նախագահը 12 ապրիլին պիտի այցելէ Վատիկան, ուր պիտի  մասնակցի Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուելիք պատարագին` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.