2015-04-09 09:53:00

Թուրքիոյ Ասորիները Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հացադուլի պիտի դիմեն


Թուրքիոյ ասորի համայնքի ներկայացուցիչ Եուհաննա Աքթաշ յայտարարած է, որ ասորիները պիտի սկսին հացադուլի` Թուրքիայէն պահանջելով առերեսուիլ անցեալին հետ:

Ան նշած է, որ 1915-1920 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատերը գիտեն, սակայն այն իրողութիւնը, որ հայերէն բացի նաեւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ ջարդուած են, երկար տարիներ ոչ ոք գիտցած է:

Այս տարի ասորիները առաջին անգամ ըլլալով կը պատրաստուին Թուրքիոյ մէջ ձեռնարկներ կազմակերպելու: Հացադուլը պիտի սկսի 20 ապրիլին եւ, հաշուի առնելով ցեղասպանութեան 100-ամեակը, պիտի տեւէ 100 ժամ` աւարտելով 24 ապրիլին:

Ասորիները, սակայն, միայն այս նախաձեռնութեամբ պիտի չբաւարարուին: Անոնք նաեւ քայլարշաւ պիտի կատարեն:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.