2015-04-08 15:42:00

Մոսկուայի պատրիարքին Զատկուայ շնորհաւորագիրը ֆրաչիսկոս Քահանայապետին


Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը, Ս. Զատկուայ շնորհաւորագիրներ ուղղած է ոչ օրթոտոքս պատրիարքներուն, ի շարս ՝ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, Ամենայն Հայոց` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին,  եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Քանթերպուրրիի Եպիսկոպոսապետ Justin Welby-ին, յայտնելով իր սրտագին բարեմաղթութիւնները Սուրբ Զատկուայ փրկարար տօնին առթիւ։ Պատրիարքը իր շնորհաւորագիրին մէջ կը մաղթէ քրիստոնեաներու միջեւ համագործակցութեան հզօրացում։ Տիրոջ փառք տալով իր բազումողորմ ու բարեգութ հայեացքին՝ մարդկային ազգին հանդէպ, Պատրիարքը  յանուն Աստուծոյ ճշմարտութեան յաղթանակին կը խնդրէ քրիստոնեաներու միջեւ համագործակցութեան սերտացումը եւ ընկերութեան ամրապնդումը շնորհիւ Սիրոյ Աւետարանին եւ հոգեւոր ու բարոյական հարազատ իտէալներուն։

''Իմաստուն Արարիչը որ իր մեծ գթութեամբ եւ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն Յարութեամբ , մեզ վերստին ծնաւ կենսատու յոյսին, անեղծ, անարատ եւ անթառամ ժառանգութեան, որ երկինքի մէջ պահուած է ձեզի'' եզրափակեց Կիւրեղ Պատրիարքը մաղթանք յայտնելով որ Աստուած անսասան պահէ Քրիստոսի մարմինը եւ իր առատաձեռնութեամբ զայն լիացնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.