2015-04-08 11:21:00

''Մանուկները պատերազմներու առաջին զոհերն են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները եւ արաբերէն լեզուի հաւատացեալներուն արտասանած խօսքին մէջ, յատուկօրէն ողջունեց Իրաքէն եւ Միջին Արեւելքէն ժամանած ուխտաւորները մատնանշելով թէ Մանուկները յաճախ առաջին զոհերն են ընտանեկան հարցերուն, հակամարտութիւններուն, պատերազմներուն եւ հալածանքներուն։ Աղօթենք` ըսաւ Քահանայապետը բոլոր տառապող մանուկներուն համար, Տիրոջմէ խնդրելով որ զանոնք զերծ պահէ ամէն չարէ եւ վերազարթնէ քունի մէջ մտած խիղճերը ու դարձի բերէ քարացած սրտերը,  որպէսզի ոչ մէկ մանուկին պակսի սէրն ու գուրգուրանքը։ Աստուած օրհնէ բոլոր մանուկները ու զանոնք պահպանէ չարէն։

Ունկնդրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը  ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն: Զատկուայ պատգամը թող շարունակէ ձեր սրտերուն մէջ վառիլ, Էմմաւուսի աշակերտներուն նման։ Սիրելի երիտասարդներ` Միայն Յիսուս` Տէրը, կրնայ ամբողջութեամբ համապատասխանել ձեր երջանկութեան եւ կեանքի ձգտումներուն, Սիրելի հիւանդներ չկայ աւելի մեծ մխիթարութիւն քան Քրիստոսի Յարութեան ստուգութիւնը, եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ապրեցէք ամուսնական կեանքը Քրիստոսի ու Աւետարանի ամբողջական յարումով - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.