2015-04-08 09:25:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէնէն ծանր յանցանքը

Յանցանքներուն միջեւ աստիճանաւորում դնելը ինքնին բարոյական սխալ մըն է, որովհետեւ բոլորն ալ՝ ինչ աստիճանի յանցանքներ ալ ըլլան, վերջին հաշուով վնաս կը պատճառեն մեզի կամ ուրիշին: Ուստի, կատարուած յանցանքի մը անտեսումը, կամ անոր նկատմամբ շատ ներողամիտ մօտեցումը, կրնայ նոր յանցանքներու պատճառ հանդիսանալ:
Այսպէս կոչուած «նուազ յանցանքը» եթէ կրակ չէ, ուրեմն՝ ածուխ է: Այսինքն՝ եթէ չայրէ ալ, կրնայ սեւցնել քեզ:

Արդ, ժխտական ազդեցութիւնը ´´նոյնիսկ տկար կամ աննկատ յանցանքին՝՝ չի՛ դադրիր անձիդ համար վնասակար ըլլալէ, ալ ուր մնաց՝ երբ ատիկա ուրիշներուն հետ ալ կապ ունենայ, եւ անոնց ալ վնասէ:
Կենդանական աշխարհին մէջ յանցաւոր փնտռելը յիմարութիւն է: Անոնք իրենց բնազդը կը կիրարկեն: Զօրաւորը պիտի տապալէ տկարը, մեծը պիտի ուտէ պզտիկը…
Կենդանիներու համար ինքն ըստ ինքեան «արժէքներ» գոյութիւն ունին: Օրինակ, առիւծին համար իր մաքուր ու թարմ որսը կը ներկայացնէ արժէք մը, զոր այնքան հաճոյքով կը վայելէ անիկա: Ուրիշ կենդանիներու կամ միջատներու պարագային որսին մաքրութիւնը կամ տեսակը այնքան ալ կարեւորութիւն չի՛ ներկայացներ: Անոնք կը բաւարարուին իրենց ստամոքսի անսուաղութիւնը յագեցնելու աշխատանքով, նոյնիսկ ուրիշին թողած մնացորդացը ճաշակելով կամ փողոցի կատուներուն նման թաղերու անկիւններուն զետեղուած աղբամանները «պեղելով»:
Ագրաւին ու այլ սեւափետուր  թռչնազգիներուն համար կարեւորը  դիակն է, որ ոչ թէ ինք սպաննած է այլ ուրիշ մը … Ուրեմն, յանցաւորը զայն սպաննողն է, եւ ո՛չ թէ իրենք, կամ՝ կեանքն է, որ կարճ ըլլալուն, այդ օրուան հասցուց զանոնք…
Ահա մէկ այլ բացատրութիւնը յանցանքի նուազ կամ առաւել ըլլալուն: Այսինքն՝ ագռաւին համար լէշին վրայ յարձակիլն ու յօշոտելը աւելի նուազ յանցանք է, քան անոր յանցանքը՝ որ զայն սպաննած է:

Յանցաւոր ըլլալու զգացումը յաճախ յանցանք չունեցողին ալ կը հանդիպի: Այսինքն՝ առանց յանցանք ունենալու, մարդ յանցաւորի զգացում կ՛ունենայ: Սա հոգեկան այնպիսի կացութիւն է, երբ տարբեր ժամանակներու ընթացքին գործուած փոքր յանցանքներ իրարու վրայ բարդուելով, յանկարծ բարդոյթ կը դառնան տուեալ անձին մօտ ու մնայուն վախի եւ կասկածամտութեան մէջ կը թողուն ենթական, զայն դնելով յանցաւորի մը դիրքին վրայ, որուն հասնելիք պատիժը երբեք պիտի չուշանայ:
Բնականաբար այս կացութենէն օգտուողներ պիտի ըլլան: Անոնք, որոնք դէմ են ենթակային, շուտով պիտի վկայեն անոր յանցաւոր ըլլալուն մասին, սուտի բուրգեր կանգնեցնելով անոր գլխուն վերեւը: Ինքնավստահութեան պակասը չի՛ թոյլատրեր, որ նման անձեր կարենան թօթափել իրենց վրայ կուտակուող յանցանքներու բեռները: Ուստի, ծանօթ համեստ կենդանիին՝ իշուն նման: Անոնք կը շարունակեն կրել իրենց կռնակին ամրացուած համետը, որուն վրայ նստող ու փայտով զիրենք հարուածող մարդիկ չեն պակսիր…
Յանցանքներուն ծանրագոյնը կայ սակայն… ամէնէն ծանր յանցանքը. որ է ´´թշնամիին դիմաց խոնարհելու զզուելի արարքը՝՝: Սա աւելի՛ ծանր է, քան մարդու երեւակայած որեւէ տեսակի յանցանք: Սա՛ է ճամբան բոլոր գայթակղութիւններուն եւ արմատը ամէն տեսակ չարիքի: Թշնամին՝ թշնամի է: Անիկա չի՛ հասկնար խոնարհութիւնդ կամ համեստութիւնդ: Ան չի՛ գնահատեր ազնուութիւնդ կամ վեհանձնութիւնդ: Թշնամին միշտ դարանակալ պիտի սպասէ քեզ զգետնելու համար: Զայն իր նպատակէն չե՛ս կրնար շեղել ո՛չ կեղծ ու խարդախ մօտեցումներովդ, ո՛չ անկեղծ ու բարի խոստովանութիւններովդ, ո՛չ ալ ներշնչած վստահութեամբդ…
Թշնամիին առջեւ խոնարհիլն ու ներողամտութիւնը պէտք է զատորոշել իրարմէ: Ճիշդ է, քրիստոնէութիւնը մեզի ներողամտութեան առաքինութիւնը կը սորվեցնէ, սակայն ատիկա շա՜տ հեռու է ոչխարամիտ քաղաքականութենէն: Յիսուսի ուսուցումը գիտակից ներողամտութիւնն է, որուն վախճանական հեռանկարը աստուածային արդարութիւնն է: Այդ արդարութեան ակնկալիքը սիրտին, պիտի սպասէ տուժող հաւատացեալ կողմը, քրիստոնէական ծով համբերութեամբ:
Թշնամիին առջեւ խոնարհիլը վնասակար է նաեւ շրջապատին: Միայն մէկ անձ չէ՛ որ կը տուժէ այս ծանր յանցանքէն: Որովհետեւ մէկ հոգիի որդեգրած այդ կեցուածքը պատճառ կը դառնայ, որ թշնամին քաջալերուի եւ այն տպաւորութիւնը ստանայ, թէ բոլորը կրնայ ենթարկել իրեն: Նման թշնամիները զսպելու եւ անոնց յառաջխաղացքը արգիլելու համար, հիները զգուշացնելով զանոնք՝ կ՛ըսէին. «Օր մը մազոտին կը հանդիպիս»: Այս փոխաբերական խօսքով անոնք կ՛ուզէին հասկցնել իրենց թշնամիին, թէ՝ «ճիշդ է որ այսօր ինծի կրցար յաղթել, սակայն օր մը դիմացդ կ՛ելլէ մէկը, որ իմ վրէժն ալ կը լուծէ քեզմէ»:
Ամէնէն ծանր յանցանքէն զգուշացի՛ր, որովհետեւ տուժողներու պարագլուխը եթէ դուն պիտի ըլլաս, ապա ետեւդ կանգնած բազմաթիւ ուրիշներու ալ պատճառ պիտի դառնաս….








All the contents on this site are copyrighted ©.