2015-04-07 10:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը պաշտպանելու քրիստոնեաները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 6 ապրիլ 2015-ին, Սուրբ Զատկուայ յաջորդող երկուշաբթին, որ ըստ Լատինաց կը կոչուի Հրեշտակի երկուշաբթի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին կատարած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն­, ուր կը պատմուի Յիսուսի գերեզմանը այցելող կիներու մասին, որոնք կը հանդիպին Հրեշտակին որ իրենց կ՛աւետէ Յիսուսի Յարութիւնը։ Եւ երբ վախով եւ ուրախութեամբ կը վազէին լուրը իմացնելու աշակերտներուն Յիսուս անոնց կ՛երեւնայ ու կ՛ըսէ  ''Մի վախնաք, գացէք ըսէք եղբայրներուս որ Գալիլեա երթան, հոն պիտի տեսնեն զիս''։

Գալիլեան­­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,­ այն ''արուարձանն''  է որտեղէն Յիսուս սկսաւ իր քարոզութիւնը եւ այնտեղէն է որ վերսկսի Յարութեան Աւետարանը, որպէսզի հասնի բոլորին։ Եկեղեցւոյ աւետիսը այս է` ''Քրիստոս Յարեաւ'', ըսաւ ապա Քահանայապետը, ու աւելցուց թէ ''Անոր մէջ, սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով, մենք եւս Յարութիւն առինք  ու անցանք մահուընէ դէպի կեանք, մեղքի ստրկութենէն դէպի սիրոյ ազատութիւն։ Յիսուսի Յարութեան հաւատքը եւ Յոյսը` որ Ան մեզի բերաւ, ամենագեղեցիկ պարգեւն է որ քրիստոնեան կրնայ եւ պէտք է նուիրէ իրեն եղբայրակիցներուն։ Առ այդ չի յոգնինք կրկնելէ` Քրիստոս Յարեաւ ու զայն վկայենք մեր վարուելակերպով, ու մեր կենցաղով։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր հովանին որպէսզի մեր մէջ զարգացնէ Զատկուայ ուրախութիւնը։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, վերյիշեց այս օրերուն հալածանքի ենթարկուած քրիստոնեաները զանոնք որակելով  ''ժամանակակից մարտիրոսներ'' որոնք շատ աւելի բազմաթիւ են քան առաջին դարերու մարտիրոսները։ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կոչ ուղղեց Միջազգային հասարակութեան որպէսզի համր ու խուլ չձեւանայ այսպիսի անընդունելի ոճրագործութեան դիմաց, որ  կը հանդիսանայ շեղում մարդկային ամենատարրական իրաւունքներէն։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց ներկաները կարդալու Աւետարանը ու յատկապէս Յարութեան եղելութեան մասին հատուածը,  ապա  բոլորին մաղթեց` Բարի եւ Սուրբ Զատիկ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.