2015-04-07 10:12:00

Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 24-ին պատարագ պիտի մատուցուի


Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, յայտարարած է Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան՝ անցեալ Կիրակի` Սուրբ Զակուայ տօնակատարութեան ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:

Աթեշեան նշած է, որ 100ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնները պիտի կայանան միայն Գում Գափուի մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Նկատի առենլով, որ Ապրիլ 23-ին Մայր Աթոռ սուրբ Էջիմածնոյ մէջ պիտի կատարուի Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութիւն, Պոլսոյ Մայր եկեղեցիի ոգեկոչումը պէտք է կատարուի այլ ձեւով. սովորական հոգեհանստեան արարողութեան փոխարէն (հոգեհանգստեան կարգ սուրբերու համար չի կատարուիր) ոգեկոչումը պիտի նմանի Վարդանանց սուրբերուն յիշատակութեան կարգին։ Պատարագը պիտի ձօնուի անոնց յիշատակին ու պիտի հնչեն այս առթիւ ընդունուած շարականներ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.