2015-04-05 10:13:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Աւագ Շաբաթ օրուայ քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Աւագ շաբաթ` 4 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8.30ին,Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ նախագահեց Աւագ շաբաթ օրուայ Յիսուսի Սուրբ Յարութեան Ճրագալոյցի սուրբ արարողութեան։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ մատուցած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ`

Հսկումի գիշեր է այս գիշեր։ Տէրը չի ննջեր,  չի քնանար Պահապանն Իսրայէլի (Սաղմոս 121,4)'',  որպէսզի  զանոնք գերութենէն ազատէ եւ անոնց առջեւ բանայ  ազատութեան ուղին։

Տէրը կը հսկէ եւ Իր Սիրոյ զօրութեամբ իր ժողովուրդը կ՝անցնէ կարմիր ծովէն, եւ Յիսուսը կ՝անցնէ մահի եւ դժոխքի անդունդէն։

 

Ասիկա եղաւ  Յիսուսի աշակերտներու եւ աշակերտուհիներուն հսկումի գիշերը։ Ցաւի եւ վախի գիշեր։ Այր մարդիկը վերնատան  մէջ փակուած մնացին։ Մինչ կիները,  շաբաթ օր արեւածագին գերեզման գացին՝ Յիսուսի մարմինը օծելու համար։ Անոնց սիրտը լի էր յուզմունքով եւ հարց կու տային թէ  ինչպէ՞ս  պիտի մտնէին  գերեզման, եւ ո՞վ պիտի գլորէ հոն զետեղուած հսկայ  գերեզմանաքարը։

Ահաւասիկ առաջին նշանը` գերեզմանաքարը գլորուած տեսան։ Կիները՝ սոյն նշանին առաջին  ականատեսները եղան եւ առաջինները հանդիսացան  որոնք մուտք գործեցին՝  գերեզման ։

Հսկումի գիշերին, կանգնինք եւ մտաբերենք Յիսուսի աշակերտուհիներու ապրած փորձառութիւնը։ Այս մէկը մեզ կը հանգստացնէ, ասոր համար է  որ հոս կը գտնուինք, ներթափանցելու Աստուծոյ խորհուրդին մէջ։

Չենք կրնար ապրիլ Սուրբ Զատիկը առանց  խորհուրդին մէջ մուտք գործելով։

Ասիկա մտային իրողութիւն  մը չէ, ոչ ալ  լոկ  ճանաչողութիւն  եւ ընթերցանութիւն, այլ՝ դեռ շատ աւելին. Թափանցել Աստուծոյ խորհուրդին մէջ կը նշանակէ զարմանքի կարողութիւն, խոկում. կարողութիւն՝ լռութիւնը եւ Աստուծոյ փսփսուքը ունկնդրելու։

 

Խորհուրդին մէջ մտնելով մեզմէ կը պահանջէ  չփախչիլ իրականութենէն, մեր մէջ չի փակուիլ եւ չի խուսափիլ այն բաներէն որոնք անհասկնալի կը թուին ու ապա չի խփել  մեր աչքերը  հարցերուն դիմաց։

Մտնել խորհուրդին մէջ կը նշանակէ, մեր անձնական հանգստաւէտ ապահովութիւններէն անդին երթալ  եւ պրպտել ճշմարտութիւնը՝ գեղեցկութեան, սիրոյ։ Գտնել իմաստն ու  պատասխանը այն հարցումներուն որոնք տագնապի կը մատնեն մեր հաւատքը, մեր հաւատարմութիւնն ու   բանականութիւնը։

Մտնելու համար խորհուրդին մէջ հարկ է  հեզութիւն`զիջիլ մեր Ես-էն, ճշմարտապէս ճանչնալ մենք զմեզ` որպէս արարածներ, դերութիւններով եւ արժանիքներով։

Այս բոլորը մեզի կը սորվեցնեն Յիսուսի աշակերտուհիները ։ Անոնք այդ գիշեր կը հսկեն Մօր հետ` Աստուածածինը, որ անոնց օգնեց  չի կորսնցնելու իրենց յոյսն ու հաւատքը։

Անոնք վախի եւ ցաւի բանտարկեալները չի մնացին, արեւածագին` առաջին լոյսերուն դուրս ելան, իրենց ձեռքերուն մէջ տանելով  իւղերը եւ իրեն  սիրտը օծուած սիրով։ Դուրս ելան եւ գերեզմանը բաց գտան։ Ներս մտան։ Հսկեցին, դուրս ելան ու մուտք գործեցին Խորհուրդին մէջ։ Սորվինք Յիսուսի աշակերտուհիներէն  հսկել Աստուծոյ եւ մեր Մօր՝ Տիրամօր հետ միասին, ներթափանցելու համար խորհուրդին մէջ որ մեզ կ՝առաջնորդէ մահէն դէպի կեանք ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.