2015-04-05 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Զատկուայ պատարագը եւ ''Ուրպի Էթ Օրպի'' Պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` ապրիլ 5-ին,  Սուրբ Զատիկ է` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան յիշատակի օրը, առաւօտեան ժամը 10.15ին Ֆրանչիսկոս Պապը,   Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, տեղատարափ անձրեւի տակ, գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն` հակառակ կլիմայի անկայունութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ։

Սուրբ պատարագի աւարտին , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամ` ու Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն եւ համայն աշխարհի հաւատացեալներուն ուղղեց ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' պատգամն ու աւանդական առաքելական օրհնութիւնը որուն սկիզբը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ.

Յիսուս Քրիստոս Յարութիւն առաւ։

Սէրը յաղթեց ատելութեան, կեանքը յաղթեց մահուան եւ լոյսը խորտակեց խաւարը։

Յիսուս Քրիստոս մեր սիրոյն համար, մերկացաւ իր Աստուածային փառքէն, ունայնացուց ինքզինք եւ առաւ ծառայի կերպարանք ու խոնարհեցաւ մինչեւ մահ, մահ խաչին վրայ։ Ասոր համար Աստուած զայն բարձրացուց եւ զինք դասեց Տիեզերքի Տէր։ Յիսուս Տէրն է։

Իր մահով եւ իր Յարութեամբ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ կեանքի եւ երջանկութեան ուղին. այս ուղին հեզութիւնն է որ նուաստացում կը յառաջացնէ։ Այս է` դէպի փառք առաջնորդող ճանապարհը։  Միայն այն որ կը խոնարհի կրնայ ձգտիլ Աստուծոյ` երկնային բաներուն (Կող 3, 1-4)։ Հպարտը կը նայի վերէն` վար, խոնարհը կը նայի վարէն վեր։

Սուրբ Զատկուայ առաւօտուն, կիներէն տեղեկացած, Պետրոս ու Յովհաննէսը վազեցին գերեզման ու զայն գտան բաց եւ դատարկ։ Մօտեցան եւ գլուխնին ծրեցին մտնելու համար այնտեղ։ Խորհուրդին մէջ մուտք գործելու համար հարկաւոր է գլուխը ծրել, խոնարհիլ։ Միայն այն որ կը խոնարհի կը հասկնայ Յիսուսի փառքը ու կը քալէ անոր ճանապարհով։

Աշխարհը կ՛առաջարկէ ինքզինք պարտադրել ամէն գնով, մրցակցիլ....քրիստոնեաները սակայն, մեռած ու Յարութիւն առած, Քրիստոսի շնորհքով, այլ մարդկութեան մը ծիլերն են, որուն մէջ կը ջանանք ապրիլ ուրիշներու ծառայութեամբ`  տրամադրութեամբ ու յարգանքով։

Ասիկա տկարութիւն մը չէ այլ զօրութիւն։ Այն որ իր մէջ ունի Աստուծոյ զօրութիւնը, անոր սէրն ու անոր արդարութիւնը, պէտք չունի բռնութիւն բանեցնելու, այլ կը խօսի եւ կը գործէ ճշմարտութեան ուժով, սիրոյ եւ գեղեցկութեան ուժով։

Յարուցեալ Տիրոջմէն, այսօր կը հայցենք շնորհքը չզիջելու հպարտութեան որ բռնութիւն եւ պատերազմ կը յառաջացնէ, այլ ունենալու հեզաբարոյ քաջութիւնը ներումին եւ խաղաղութեան։ 

Յաղթական Յիսուսէն խնդրենք որ սփոփէ մեր բազմաթիւ եղբայրներու ցաւերը, որոնք հալածուած են Իրեն անունին պատճառաւ. Ինչպէս նաեւ անոնցը որ անարդար օրէն կը տառապին, տեղի ունեցող հակամարտութիւններու եւ բռնութիւններու պատճառաւ։ Եւ անոնք բազմաթիւ են։

Կը հայցենք խաղաղութիւն ամենէն առաջ սիրեցեալ Սուրիոյ եւ Իրաքի համար, որպէսզի դադրի զէնքերու ձայնը ու վերահաստատուի համակեցութիւնը­, այս սիրելի երկիները կազմող զանազան խումբերու միջեւ։ Միջազգային հասարակութիւնը անկարող չմնայ­, այդ երկիրներու մէջ տիրող մարդկայնական ահռելի աղէտին դիմաց եւ գաղթականներու ապրած ողբերգութեան դիմաց։

Խաղաղութիւն կը հայցենք Սուրբ Երկրի բնակիչներուն համար։ Իսրայէլացիներու եւ Պաղեստինցիներու մէջ զարգանայ հանդիպումի մշակոյթը եւ վերսկսի խաղաղութեան գործընթացը­,  որպէսզի վերջ դրուի տարիներու բաժանումին եւ տառապանքին։

Խաղաղութիւն կը հայցենք Լիպիայի համար, որպէսզի դադրի անհեթեթ արիւնահեղութիւնը եւ բարբարոս բռնութիւնը, ու բոլոր անոնք որ ի սիրտ ունին Երկրին ապագան, ջանան աշխատիլ հաշտութեան համար եւ աւելի եղբայրական ընկերութեան մը կերտումին ի նպաստ, որ յարգէ մարդու արժանապատուութիւնը։ Եմենի համար եւս կը մաղթենք որ երաշխաւորուի հաշտութեան միասնական կամք մը` ի սպաս համայն բնակչութեան բարիքին։

Միեւնոյն ատեն յոյսով Աստուծոյ` որ այնքան ողորմած է, կը յանձնենք վերջերս Լոզանի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որպէսզի հանդիսանայ վերջնական քայլ մը դէպի աւելի ապահով եւ եղբայրական աշխարհ մը։

Յարուցեալ Տիրոջմէ կը հայցենք խաղաղութեան շնորհքը Նիճերայի համար, Հարաւային Սուտանի  եւ Սուտանի զանազան շրջաններուն համար ինչպէս նաեւ Քոնկոյի հանրապետութեան համար։ Մշտատեւ աղօթք մը թող բարձրանայ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց կողմէ, անոնց համար որ իրենց կեանքը կորսնցուցին, անոնց որոնք առեւանգուած են եւ անոնց` որոնք ստիպուած եղան լքել իրենց տուներն ու սիրելիները։

Տիրոջ Յարութիւնը լոյս բերէ սիրեցեալ Ուկրանիոյ, մանաւանդ անոնց որ վերջին հակամարտութիւններու բռնութեան թիրախ դարձան։ Թող երկիրը վերագտնէ խաղաղութիւնը եւ յոյսը, շնորհիւ հակամարտող կողմերու յանձնառումին։

Խաղաղութիւն եւ ազատութիւն կը հայցենք բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն համար, որոնք թիրախ են հին ու նոր ստրկութեան ձեւերուն, գործադրուած  ոճրագործ մարդոց եւ կազմակերպութիւններու կողմէ։  

Խաղաղութիւն եւ ազատութիւն` զոհերուն որոնք թիրախ են թմրանիւթերու վաճառականներուն, որոնք յաճախ դաշնակից են ''իշխանութիւններուն'', որոնք պէտք են պաշտպանել խաղաղութիւնն ու մարդկային ընտանիքի ներդաշնակութիւնը։ Եւ խաղաղութիւնը կը խնդրենք այս աշխարհին որ ենթակայ է զէնք վաճառող շահադէտներու որոնք շահեր կը դիզեն մարդոց եւ կիներու արիւնով։ 

Մեկուսացեալներուն, կալանուածներուն, աղքատներուն եւ գաղթականներուն` որոնք յաճախ մերժուած են, չարաշահուած եւ անտեսուած. հիւանդներուն, ու տառապողներուն. Մանուկներուն, յատկապէս անոնց որ բռնութեան թիրախ են, եւ բոլոր անոնց որ սուգի մէջ են։ Համայն բարի կամք ունեցող մարդոց եւ կիներուն հասանելի ըլլայ մեր Տիրոջ Յիսուսի մխիթարիչ ձայնը` ''Խաղաղութիւն ձեզի'' (Ղուկ 24,36) Ես եմ, մի՛ վախնաք։ Յարութիւն առի ու ձեր հետ պիտի մնամ յաւիտեան։

''Ուրպի էթ Օրպի'' առաքելական օրհնութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը  ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները անոնց ու համայն աշխարհի հաւատացեալներուն­, որոնք լրատուամիջոցներու կապով միացած են Սուրբ Պետրոսի հրապարակին, մաղթելով` Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։

Ձեր տուները ու բոլոր անոնց որոնք կը հանդիպիք տարէք ուրախ աւետիսը թէ կեանքի Տէրը Յարեաւ, իր հետ բերելով սէր, արդարութիւն, յարգանք եւ ներում։

Շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար ու ձեր աղօթքներուն համար ու նաեւ ձեր խանդավառ հաւատքին համար։

Յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն հրապարակը զարդարող ծաղիկներուն եւ բոյսերու նուէրին։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ Բոլորին ու խնդրեմ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.